ՊԱՂԱՐԻՒՆ ԵՒ ՀԱՇՈՒԱՐԿՈՒԱԾ

Ապրիլի 24-ի առթիւ աշխարհի զանազան երկիրներէն, նաեւ Թուրքիայէն հնչած դիրքորոշումներու լոյսին տակ՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան շաբաթավերջին յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցին ժամանակ Զօհրապ Մնացականեան ըսաւ.

«Քաղաքականութեան մէջ իւրաքանչիւր քայլ պաղարիւն եւ հաւասարակշռուած հաշուարկի մը արդիւնքը պէտք է ըլլայ եւ այդ մօտեցումով ալ մենք պիտի մօտենանք յարաբերութիւններուն։ Բացի այն բանէն, որ մենք կ՚ապրինք ժխտուած արդարութեան պայմաններու մէջ, այս մէկուն վրայ կ՚աւելնան նաեւ Թուրքիոյ կողմէ այլ քայլեր, որոնք աւելի կը խորացնեն խնդիրը։ Սա թէ՛ փակուած սահմանն է եւ թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ անվերապահ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին։ Այս բոլոր հանգամանքները միասին մեզի համար սպառնալիք կը հանդիսանան եւ մենք այդ սպառնալիքին կ՚անդրադառնանք այնպէս, ինչպէս պէտք է անդրադառնայ պետութիւնը. պաղարիւն եւ հաւասարակշռուած հաշուարկով մենք կ՚ապահովենք մեր ազգային անվտանգութիւնը։ Իւրաքանչիւր քայլ մենք կ՚առնենք այնպէս, ինչպէս անհրաժեշտ է մեր ազգային շահի համար»։

Հարցազրոյցի ընթացքին Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերին՝ Իպրահիմ Քալընի կողմէ շաբաթավերջին կատարուած յայտարարութեան։ Մնացականեան քննադատական շեշտով պատասխանեց այս հարցման եւ Քալընի մեկնաբանութիւնը որակեց խեղաթիւրուած։ Նախարարը Քալընի յայտարարութիւններուն անդրադառնալու ժամանակ ակնարկեց նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած, սակայն կեանքի չկոչուած արձանագրութիւններուն։ Մնացականեան ըսաւ. «Շատ լաւ գիտենք պատմութիւնը։ Հայաստան ներդրում կատարած է իր կողմէ՝ որպէս պետութիւն, որ կը ներկայացնէ ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդ մը, իր կողմէ ներդրում կատարած է՝ այդ գործընթացը մինչեւ վերջ յառաջ տանելու համար։ Դուք շատ լաւ կը յիշէք, որ սա համազգային, խոր եւ դժուար քննարկումներու առարկայ էր։ Եւ այդ բոլորը իրականացնելով մենք ի՞նչ բանի հասանք։ Յանգեցանք անոր, որ Թուրքիա, իրականութեան մէջ, ուղղակի պատուհանէն դուրս նետեց այդ բոլորը։ Եւ սա դարձեալ ցոյց կու տայ, որ այդ վտանգը խորքային է։ Եւ մնացեալ այն մեկնաբանութիւնները, որոնք կատարուած են, արդէն կը համադրեն, աւելի կը խորացնեն ժխտողականութիւնը, որովհետեւ ժխտողականութիւնը նաեւ կը միանայ ցեղասպանութեան արդարացման։ Այս բոլորը միասին կը դառնան անպատժելիութիւն եւ վտանգ»։  

Երկուշաբթի, Ապրիլ 27, 2020