ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՓՈՒԼԸ

Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ վաղը։ Մայիսի 14-ին տեղի ունեցած առաջին փուլին թեկնածուներէն ոեւէ մէկը չէր կրցած ապահովել անհրաժեշտ քանակութեամբ քուէ։ Ուստի, անխուսափելի դարձած էր երկրորդ փուլը։

Երկու շաբաթ անց, այս անգամ վաղը Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները դարձեալ քուէատուփի մօտ պիտի փութան՝ ընտրելու համար երկրի նոր նախագահը։ Անխուսափելի թեկնածուներն են՝ այժմու նախագահ եւ ԱՔ կուսակցութեան ղեկավար Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ առաջադրուած է «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ եւ գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու, որ առաջադրուած է «Միլլէթ» դաշինքին կողմէ։

Ընտրութեան առաջին փուլին Էրտողան ստացած էր ձայներու 49.52 տոկոսը, իսկ Քըլըչտաղօղլու 44.88 տոկոսը։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2023