Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ՄԷՋ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկուան անակնկալ իրադարձութիւններէն վերջ ընկերային ցանցերու վրայ հակիրճ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ տեղապահի ընտրութեան յետաձգման կապակցութեամբ։ Ըստ երեւոյթին, նորին սրբազնութեան այս յայտարարութեան պատճառ դարձած են Իսթանպուլի կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան հասած պաշտօնագրին զուգահեռ՝ կարգ մը շրջանակներու կողմէ համայնքէն ներս տարածուած շշուկները, ըստ որոնց պետութիւնը տեղապահի ընտրութեան թուականի փոփոխութիւն պահանջած է անոր փափաքով։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս յայտարարութեան մէջ իր արդար վրդովմունքը արտայայտած է այդ բոլորին դէմ։ Բայց եւ այնպէս, յայտարարութիւնը այդքանով սահմանափակուած չէ։ Այսպէս, ընդհանուր փոխանորդը այս փուլին մատնացոյց կ՚ընէ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը։ Ան կը շեշտէ, որ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան վերահասու է բոլոր իրադարձութիւններուն։ Ուստի, ընդհանուր փոխանորդը կ՚ակնկալէ, որ այդ բոլոր շշուկներուն պատասխանը տրուի Կրօնական ժողովի ատենապետին կողմէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հակիրճ յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը։

Sevgili Cemaat Üyeleri,

Devlet bir konuda karar verir, bazı kötü niyetliler o kararı da bana mal ederler, yani benim isteğim doğrultusunda devlet karar vermiş oluyor. Ben neymişim de haberim yokmuş.

Yarın gerçekleşmesi gereken değabah seçimi vilayetten gelen bir yazıyla 4 Temmuza ertelendi. Tabi ki karşıdakiler durur mu? Hemen karalamaya, Aram Srpazan korkudan erteletti yaygarası yapmaya başladılar.

Ben bekliyorum ki Sahak Srpazan onlara cevap versin, çünkü bütün gelişmelerden kendisinin haberi var.

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019