ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած շարք մը դեսպաններ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց։ Այսպէս, նախագահական ապարանք այցելեցին Եւրոմիութեան Երեւանի պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Անտրէա Վիքթորինի, Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոտ, Գերմանիոյ դեսպան Միխայէլ Եոհաննէս Պանցհաֆ, Իտալիոյ դեսպան Վինչենցօ տել Մոնաքօ եւ Լիթվայի դեսպան Ինկա Սթանիթէ Տոլոչքիէնէ։

Հանդիպման ընթացքին Արմէն Սարգսեան մասնաւորապէս անդրադարձաւ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին։ Ան խօսեցաւ առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ՝ ներառեալ տնտեսական դժուարութիւնները, պարէնի անվտանգութեան խնդիրները, Հայաստանի վերջին շրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութիւնն ու Սահմանադրական բարեփոխումները։ Նախագահ Սարգսեան պատասխանեց այս նիւթերու շուրջ դիւանագէտներու հարցումներուն։

Խօսելով Սահմանադրական բարեփոխումներու մասին, Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Սահմանադրութիւնը պէտք է հաւասարակշռուած ըլլայ, հիմնուած զսպումներու եւ հակակշիռներու դրութիւններու վրայ։ Ուրախ եմ, որ կառավարութիւնը սկսած է այդ ուղղութեամբ աշխատանքները։ Ես կ՚աջակցիմ Սահմանադրական բարեփոխումներու իրականացման»։

Օգտուելով առիթէն՝ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային գործընկերներու կողմէ դժուարին ժամանակներուն Հայաստանի ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Ան նշեց, որ ներկայիս բոլորի համար դժուար ժամանակներ են եւ սա շուտ պիտի չաւարտի։ Ուստի, ան կարեւորեց փոխադարձ օգնութիւնը, համատեղ աշխատանքն ու ջանքերը։ «Եթէ միասին չաշխատինք, ապա կը սահմանափակենք մեր յաջողութիւնները։ Շնորհակալութիւն մեր բարեկամութեան համար», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Շաբաթ, Յունիս 27, 2020