ԹԱՓՈՎ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտուարտ Աղաճանեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին մեկնաբանեց արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի հրատապ նիւթերը։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ բանակցութիւններ կ՚ընթանան՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու համար։ Այս ուղղութեամբ թէեւ կան բանակցութիւններ, սակայն, առայժմ յստակ ժամկէտներ չեն նշուիր։

«Վերջին շրջանին առաւել եւս բաւական աշխոյժ գործունէութիւն կ՚իրականացուի դիւանագիտութեան մէջ՝ ներառեալ խորհրդարանական դիւանագիտութեան համատեսքին մէջ։ Եւ հանդիպումները բաւական յաճախակի են՝ զանազան ձեւաչափերով։ Եւ որքանով տեղեակ եմ՝ նաեւ բանակցութիւններ կ՚ընթանան, որպէսզի որոշ ժամանակ անց հանդիպում տեղի ունենայ երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ», ըսաւ ան։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Էտուարտ Աղաճանեան յայտնեց նաեւ, որ «Զանգեզուրի միջանցքի» տրամաբանութիւնը ընդունելի չէ, Երեւան կը հրաժարի նման հարց քննարկելէ։ Իր խօսքով, հայկական կողմը ի սկզբանէ հրաժարած է ու կը հրաժարի նման հարց քննարկելէ, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ տրամաբանութիւնը որեւէ ձեւով ընդունելի չէ Հայաստանի համար։

Աղաճանեան յիշեցուց, որ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Պրիւքսելի մէջ կայացած Փաշինեան-Ալիեւ վերջին հանդիպման հետեւած էին Պաքուէն յայտարարութիւններ, «Զանգեզուրի միջանցքի» յիշատակումով հանդերձ։ Շարլ Միշելի գրասենեակը յայտարարութեամբ մը հերքած էր այդ բոլորը՝ մատնանշելով, որ նման բան չէ քննարկուած։ «Այս գործելաոճը նոր չէ։ Ատրպէյճան միշտ առանձնացած է նմանատիպ գործելակերպով։ Սա առանձնապէս չի նպաստեր շինիչ քննարկումներու կամ չի խրախուսեր զանոնք։ Բայց, դժբախտաբար, մեր հարեւանները կ՚առանձնանան նմանատիպ, պատշաճ պայմանաւորուածութիւնները չյարգող գործելակերպով։ Այս հարցին մէջ Հայաստանի դիրքորոշումը չէ փոխուած», ըսաւ ան։

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ

Մինչ այդ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Փրակի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Չեխիոյ Արտաքին գործոց նախարար Եան Լիփավսքիի հետ։ Առանձնազրոյցէ վերջ նախարարները գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Քննարկումներու ժամանակ շօշափուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր, Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու ընթացքը եւ երկկողմանի կապերը։

ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԽՕՍՔԵՐԸ

Տարածաշրջանային այժմու թէժ իրադարձութիւններու պայմաններով, երէկ հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտան նաեւ՝ նախօրէին Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի կողմէ TRT-ին կատարուած յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանները պիտի բանայ, երբ Ատրպէյճանի հարցը լուծում ստանայ։ Ան կրկնած է, որ Անգարա Պաքուի հետ կը համաձայնեցնէ Երեւանի հետ սկսած գործընթացը։ Նախագահը գոհունակութիւն յայտնած է Փաշինեանի արտայայտած վերջին մտքերուն շուրջ, բայց շեշտած է, որ արդէն կ՚ակնկալուին խօսքէ անդին՝ յստակ քայլեր։ «Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիան լուրջ եւ վճռական տրամադրուած է, կը հետապնդէ ամբողջական կարգաւորման եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման նպատակը», ըսած է նախագահ Էրտողան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 27, 2022