ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Առանձին, մայր բնութեան ծոցին մէջ՝ մարդը... Երբեմն այնքան թեթեւ, երբեմն ալ մտքերով այնքան ծանր, որ կարծես անշարժունակ կը դառնայ։ Զանգուածին մէջ միսմինակ է մարդ երբեմն, իսկ երբեմն ալ առանձնութեան պահերու խոհերը զինքը կրնան առաջնորդել երեւակայական բազմութիւններու մէջ։

Ցվայկի խօսքը դիպուկ է. «Ինքզինքս երբեք այնքան չեմ կարեւորած, որ կեանքիս ոդիսականը ուրիշներու պատմեմ»:

Շատ յաճախ ամենաանկեղծ զրոյցը մարդ ինքն իրեն հետ չ՚ընե՞ր, այդ մէկը չէ՞ նաեւ առաւել բաւարարողը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 27, 2022