ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ։ Պարգեւատրումը Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ 24 օգոստոս 2018, ուրբաթ։ Իրեն յանձնուեցաւ նախարարութեան «Կոմիտաս» մետայլը։

Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, նախկին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հրամանագրով պարգեւատրուած էր՝ հայ մշակոյթի, յատկապէս հայ Երաժշտութեան անդաստանին մէջ իսթանպուլահայ երաժշտական կեանքի ծանօթացման իր բերած ներդրումին համար։

Շքանշանը յանձնուեցաւ ի ներկայութեան նախարարութեան պաշտօնէութեան, Մերձաւոր սփիւռքի բաժնի վարիչ Տարօն Շագոյեանի կողմէ։ Ան նախ դրուատեց հայր սուրբը, բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ իր գործունէութեան մասին, ապա յանձնելով շքանշանը՝ հրաւիրեց զինքը արտայայտուելու։

Այս առթիւ հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց թէ' նախորդ նախարարին եւ թէ այժմու նախարար Մխիթար Հայրապետեանին։ Ապա, ան շեշտեց, թէ մեծագոյն պարգեւները կու գային Աստուծմէ եւ ծառայելը ամենամեծ շնորհներու կարգին էր։ Լուսարարապետը մատնանշեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթին ծառայելու քաղցր լուծը եւ ըսաւ, որ արդէն ինքնին վարձատրութիւն էր մշակոյթի գոյատեւումը։

Ապա հայր սուրբին հետ հարցազրոյցներ կատարեցին նախարարութեան «Հայերն այսօր» կայքէջն ու  Եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան գրասենեակի ներկայացուցիչները։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018