ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ

Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ համագործակցութիւնը նոր չափումներ կը ստանայ՝ մասնաւորապէս Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղեալ ջանքերու լոյսին տակ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելեց Մոսկուա, ուր հիւրընկալւեցաւ Ռուսաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։ Չավուշօղլուի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Պատուիրակութիւնը Մոսկուայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Աւելի վերջ Չավուշօղլու, Աքար եւ Ֆիտան ընդունուեցան նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Փութինի հետ հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ Սերկէյ Լաւրով, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու, Սուրիոյ հարցով Ռուսաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենտիեւ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ հարցեր։ Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Մոսկուա եւ Անգարա ընդհանուր ջանքեր պիտի ներդնեն սուրիացի փախստականներու վերադարձը ապահովելու նպատակով։

Իր կարգին, Վլատիմիր Փութին թրքական պատուիրակութիւնը ընդունելէ վերջ յայտարարեց, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները նոր բովանդակութիւնով մը կը հարստանան ու կը խորանան։ Բաց աստի, Փութինի խօսքերուն զուգահեռ՝ Սերկէյ Լաւրով տեղեկացուց, որ Ռուսաստան այցելելու համար Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներէն պահանջուած մուտքի արտօնութեան դրութեան մէջ դիւրութիւններ պիտի ցուցաբերուին։ Իսկ մասնաւոր կարգավիճակով անցագրերու պարագային վիզայի անհրաժեշտութիւնը պիտի ջնջուի։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը մատնանշեց նաեւ, որ Անգարայի եւ Մոսկուայի կողմէ փախստականներու վերադարձին համար նախատեսուած ջանքերը պիտի նպաստեն նաեւ Սուրիոյ իրադրութեան քաղաքական կարգաւորման։ Արդարեւ, Թուրքիա եւ Ռուսաստան շահագրգռուած են համագործակցելու այս հարցին մէջ։ Այդ համագործակցութիւնը կը վերաբերի անվտանգութեան պայմաններ ստեղծելու եւ Սուրիոյ քաղաքացիներու իրենց հայրենիքը արժանավայել ձեւով վերադարձնելու։ Բաց աստի, ըստ Լաւրովի, ընդհանուր ջանքեր պիտի ներդրուին՝ որպէսզի այդ գործընթացները օգնեն կայունացնելու երկրին իրադրութիւնը, նպաստեն լուծելու այն հարցերը, որոնք անհրաժեշտ են քաղաքական գործընթացին ձեռնարկելու համար։

Թրքական պատուիրակութեան Մոսկուա այցելութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ այլ խնդիրներ։ Կը հաղորդուի, որ Թուրքիա եւ Ռուսաստան կը ձգտին խորացնել ռազմաթեքնիկ համագործակցութիւնը։ «Մենք սերտ շփումներ ունինք պաշտպանական բնագաւառին մէջ, բան մը, որու մասին կը վկայէ նաեւ այլ բնագաւառներէ ներս եւս Թուրքիա եւ Ռուսաստան զարկ պիտի տան համագործակցութեան. օրինակ՝ ինքնաշարժներու շինութիւն, գիւղատնտեսութիւն, դրամատնային բնագաւառները։

Քրեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Վլատիմիր Փութին ընդգծեց, որ Թուրքիա, Ռուսաստան, շահագրգիռ միւս երկիրներու հետ միասին յաջողած են լրջօրէն յառաջ շարժուիլ Սուրիոյ ճգնաժամին կարգաւորման ուղղութեամբ։ Փութին շահագրգիռ միւս երկիրներու կարգին թուարկեց մասնաւորապէս Իրանը, ինչպէս նաեւ մատնանշեց համագործակցութիւնը ՄԱԿ-ի, եւրոպական երկիրներու եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հետ։ «Այնուամենայնիւ, մեզի յաջողեցաւ լրջօրէն յառաջ ընթանալ Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման ուղղութեամբ», ըսաւ ռուս ղեկավարը։

Իր կարգին, նախարար Չավուշօղլուն ալ Մոսկուայի մէջ յայտնեց, որ Սուրիայէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ համատեղ ջանքերու շուրջ խորհրդակցելու համար կազմակերպուած է իր այցելութիւնը։ Չավուշօղլու յատկապէս կանգ առաւ Իտլիպի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն վրայ եւ աւելցուց, որ քննարկումներուն ժամանակ այդ բոլորը առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ պիտի գան։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018