ՆՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս ուշագրաւ խմորումները կը շարունակուին։ Այսպէս, վերջերս յայտարարուեցաւ, որ պիտի ստեղծուի «Սասնայ ծռեր»։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Հիմնադիր խորհրդարան» կազմակերպութիւնը եւ «Սասնայ ծռեր» խմբաւորումը համատեղ նախաձեռնութեամբ պիտի ստեղծեն այս նոր կուսակցութիւնը։ Քաղաքական այս նոր կուսակցութիւնը՝ որ կը կոչուի «Սասնայ ծռեր», կը նախատեսէ մասնակցիլ յառաջիկայ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

«Սասնայ ծռեր» խմբաւորման բանբերը՝ Վարուժան Աւետիսեան վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ նոր կուսակցութեան ստեղծման գործընթացին շուրջ։ Իր խօսքերով՝ կուսակցութեան նպատակն է դառնալ ազգային քաղաքական կեանքի առաջատար մասնակից։

«Սասնայ ծռեր» անուանումը կը խորհրդանշէ եւ կ՚արտայայտէ կուսակցութեան նպատակները, քաղաքական սկզբունքներն ու գործելակերպը։ Անուանումը ցոյց կու տայ, որ կուսակցութիւնը պիտի ձգտի համախմբել հայութիւնը։ Նոյն ծիրին մէջ կը նախատեսուի կազմել ազգային ռազմավարութիւն եւ ձեւաւորել ու գործի դնել այդ մէկը իրականացնելու ընդունակ համահայկական ցանցային կազմակերպութիւն մը, որու միջուկն ու առանցքը պէտք է դառնայ հայկական պետութիւնը։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Աւետիսեան նշեց, որ կուսակցութեան «Սասնայ ծռեր» անուանումը որեւէ կերպով պայմանաւորուած չէ «Սասնայ ծռեր» ռազմաքաղաքական խմբաւորման հետ՝ ժառանգորդութիւն ապահովելու հանգամանքով։ Յառաջիկային պիտի ձեւաւորուի կուսակցութեան հիմնադրութեան նախաձեռնող խումբը, որ պիտի մշակէ «Սասնայ ծռեր»ու ծրագիրն ու յառաջիկայ ընելիքները։

Ինչպէս ծանօթ է, «Սասնայ ծռեր» անուանումով խումբ մը վերջերս Հայաստանի մէջ Պետական պահպանութեան ծառայութեան ռազմախարիսխը գրաւած էր եւ ներքին քաղաքական կեանքէ ներս տեղի տուած էր տագնապալի իրավիճակի։ Այդ խումբի անդամները աւելի վերջ ձերբակալուելով բանտարկուած էին։ Վերջերս տեղի ունեցած իշխանափոխութեան զուգահեռ բանտարկեալ «Սասնայ ծռեր» խումբի անդամները մի առ մի ազատ արձակուած էին դատական որոշումով։ Հիմա ազատ արձակուած «Սասնայ ծռեր»ու անդամները արդէն կը նախաձեռնեն ստեղծել կուսակցութիւն մը եւ այդպէսով մասնակից դառնալ երկրի քաղաքական կեանքին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018