ՊԵԼԺԻՈՅ ԱՐՔՈՒՆԻՔԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Պելժիոյ արքունիքը վերջին օրերուն մասնաւոր այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Այսպէս, Պելժիոյ Ֆիլիփ թագաւորը, թագուհին եւ իրենց չորս երեխաները Հայաստան այցելելով անցուցին արձակուրդային օրեր։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Կրնամ հաստատել, որ Պելժիոյ արքունիքը մասնաւոր այցելութեամբ Հայաստանի մէջ կը գտնուի»։ Թէ՛ բանբերը եւ թէ այլ պաշտօնական աղբիւրներ այլ որեւէ մանրամասնութիւն չհողդեցին այս այցելութեան շուրջ։

Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան անցեալի մէջ որպէս դեսպան պաշտօնավարած էր Պրիւքսելի մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018