ՊԵՐԼԻՆԷՆ ԽՐԱԽՈՅՍ

Գերմանիոյ վարչապետը Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Փաշինեան եւ Մերքէլ Երեւանի մէջ ունեցան առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Երկու վարչապետները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին ամփոփեցին բանակցութիւններու արդիւնքը։ Փաշինեան  պաշտօնական ընթրիքով մըն ալ պատուեց իր գերմանացի պաշտօնակիցը։ Բացի Նիկոլ Փաշինեանէն, Անկելա Մերքէլ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։ Գերմանացի շանսէօլիէն յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդ, նաեւ այցելեց ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը։ Նիկոլ Փաշինեան եւ իր կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան, Անկելա Մերքէլ եւ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային օրուան աւարտին միասնաբար զբօսնեցին նաեւ Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, բանակցութիւններու ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Մերքէլի պատմական այցելութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ հայ-գերմանական յարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ։ Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները խարսխուած են խոր վստահութեան հիման վրայ։ Անկելա Մերքէլ Երեւանի մէջ ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ ձեւաւորուած են դրական յարաբերութիւններ եւ անոնք ունին լուրջ ներուժ մը, որ տակաւին պէտք է օգտագործուի։ Գերմանացի շանսէօլիէն համոզուած է, որ այդ ներուժը խնդրոյ առարկայ է քաղաքական եւ տնտեսական բնագաւառներու առընթեր, նաեւ գիտահետազօտական եւ փորձագիտական բնագաւառներու պարագային։ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներու ճանապարհին Անկելա Մերքէլ արտայայտեց իր երկրին զօրակցութիւնը։ Երեւանի քննարկումներուն ժամանակ օրակարագի վրայ եկան նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն ներկայ վիճակն ու հեռանկարները։ Անկելա Մերքէլ Հայաստանի պարագան լաւ օրինակ մը համարեց Եւրոմիութեան եւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան մը հիմքերը դնելու տեսակէտէ։

 Փաշինեանի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մերքէլ Երեւանի մէջ յիշեցուց, որ իր երկիրը կ՚անդամակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին եւ իբր այդ խօսակցութիւն ծաւալած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ Մերքէլ կարեւորեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լաւ մթնոլորտի մը մէջ լուծելը եւ այս ուղղութեամբ Գերմանիոյ աջակցութիւնը յայտնեց ի նպաստ Հայաստանին։ Անկելա Մերքէլ տարածքաշրջանային այցելութեան ծիրէն ներս նախ այցելեց Վրաստան, ուրկէ անցաւ Հայաստան, իսկ Հայաստանէն ալ ուղեւորուեցաւ դէպի Ատրպէյճան։ Պաքուի մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին դարձեալ օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մերքէլ-Ալիեւ բանակցութիւններու օրակարգի հիմնական խնդիրներէն մին հանդիսացած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը։ Մերքէլ նշած է, որ Գերմանիա պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել հակամարտութեան քաղաքական լուծման հասնելու նպատակով։

Հայաստանի մէջ կեցութեան ընթացքին Գերմանիոյ վարչապետ Մերքէլ այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան հակամարտութեան առկայ վիճակին շուրջ։ Նորին Սրբութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի ղեկավարութեան ռազմատենչ յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ, ինչ որ մեծապէս կը վտանգէ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հեռանկարները։ Վեհափառ Հայրապետը անթոյլատրելի նկատեց Ատրպէյճանի կողմէ հայութեան դէմ ատելութեան եւ թշնամանքի հրահրումը։ Տեղեկացնելով ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ի նպաստ կազմակերպուող երկու երկիրներու հոգեւոր առաջնորդներու հանդիպումներու արդիւնքներուն մասին՝ Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերով հիմնախնդիրը պիտի գտնէ իր խաղաղ կարգաւորումը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 27, 2018