ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆ ԱՉՔ ԿԸ ԹԱՐԹԵՆ ԻՐԱՐՈՒ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ եթէ Հայաստան դրական քայլեր առնէ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ, ապա Թուրքիա համարժէք արձագանգ պիտի տայ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, նախագահ Էրտողան նշեց, որ Անգարա երկկողմանի եւ բազմակողմանի դիւանագիտական բանակցութիւններ վարած է՝ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար։ Իր խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմէն յետոյ այս ուղղութեամբ յառաջընթացի համար նոր հնարաւորութիւններ ստեղծուած են։

«Մենք արդէն յայտարարած ենք՝ եթէ Հայաստան դրականօրէն արձագանգէ այդ հնարաւորութիւններուն, ապա մենք ալ անհրաժեշտ քայլերը կ՚առնենք», նշած է Էրտողան։

Երեւանէն ալ այս առաւօտ համանման տրամադրութիւններ հնչեցին։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան նիստի բացման յայտարարեց, որ տարածքաշրջանային խաղաղութեան առումով Թուրքիոյ կողմէ կան որոշ դրական ազդակներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետը ըսաւ. «Մենք այդ ազդակները կը գնահատենք եւ դրական ազդակներուն դրական ազդակով կը պատասխանենք»։

Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Սիւնիքի վերջին ծանր իրադարձութիւններուն մասին, երբ Ատրպէյճանի զօրքերու յառաջացման հետեւանքով միջպետական ճանապարհի մը զանազան հատուածները փակուած են եւ որպէս հետեւանք՝ Հայաստանի քաղաքացիներու տեղաշարժի ու կենսական կարիքներու դիմագրաւման հնարաւորութիւնները խափանուած են։ Քանի մը օրէ ի վեր կը հաղորդուի, որ խնդիրը հարթելու համար բանակցութիւններ կը վարուին, սակայն որեւէ շօշափելի արդիւնք չկայ։ Այս բոլորի լոյսին տակ Փաշինեան պնդեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ ճանապարհի փակումը կը հետապնդէ խաղաղութեան օրակարգին հարուած հասցնելու նպատակը։ Փաշինեան նաեւ յոյս յայտնեց, որ իրավիճակը վայրկեան առաջ կը կարգաւորուի։ Իր խօսքով՝ քաղաքական առումով միանշանակ է, որ Պաքու այդ քայլը առած է Երեւանի յառաջ քշած խաղաղութեան օրակարգը վարկաբեկելու համար։ Ատրպէյճանի որդեգրած օրակարգը ցոյց կու տայ, թէ նման դէպքերը կրնան դարձեալ պատահիլ։ «Մեր ծառայութիւնները պէտք է, ի հարկէ, զգօն ըլլան ու ուշադիր, բայց միւս կողմէ մեզի ամուր ջիղեր պէտք են ու մենք մեր ռազմավարական գիծը՝ խաղաղութեան օրակարգը պէտք է զարգացնենք ու յառաջ տանինք», ըսաւ Փաշինեան՝ երէկ խորհրդարանին ամպիոնէն հնչեցուցած կարգ մը բանաձեւումները կրկնելով։ Ան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի գործողութիւնները կը հակասեն ձեռքբերուած համաձայնութիւններուն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 27, 2021