ԷԼԻՆԱ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ ՅԱՋՈՐԴ ԱՄԻՍ ՍՊԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Վահրամ Տումանեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց կրոսմայսթըր Էլինա Դանիէլեանը, որ վերջերս դարձաւ Եւրոպայի ճատրակի ախոյեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ողջունելով ախոյեանը նախարարը ըսաւ. «Ես պատիւ կը համարեմ ձեզ մեր նախարարութեան մէջ ընդունիլը։ Հպարտ ենք ձեզմով, սա համաշխարհային մեծ նուաճում մըն է։ Նման յաղթանակները դրական մեծ լիցքեր կու տան»։

Իր կարգին, Էլինա Դանիէլեանն ալ յոյս յայտնեց, թէ իր յաղթանակը կը նպաստէ աւելի շատ յաղթանակներու ձգտիլ։ «Ես, իսկապէս երկար ճանապարհ անցած եմ, սա ամէնօրեայ աշխատանքի արդիւնք է։ Համակիրները ինձ ուժ կու տային, ամէն օր կը գրէին ու կը քաջալերէին։ Մարզիչս, Զաւէն Անդրէասեանն ալ շատ օգնած է ինծի, մեծ լումայ ներդրած է այս յաղթանակին», ըսաւ ան։

Հարկ է նշել, որ շուրջ մէկ ամիս վերջ Էլինա Դանիէլեան պիտի մասնակցի Ճատրակի համաշխարհային կանանց խմբային առաջնութեան։ Սպանիոյ մէջ նախատեսուած է այս կարեւոր մրցաշարքը։

Նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Ճատրակի ակադեմիայի հիմնադիր-նախագահ Սմբատ Լպուտեան, որ դիտել տուաւ, թէ կանանց հաւաքականէ ներս կան բաւական մեծ ներուժով ներկայացուցիչներ։ Երիտասարդները քայլ առ քայլ կը մօտենան բարձունքներուն։

Մինչ այս յաջողութիւնը շատ լայն արձագանգ ստեղծած է, Էլինա Դանիէլեան երէկ ալ «Արմէնփրէս»ի սրահին մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 27, 2021