ԹՈՄԱՍ ՏԸ ՎԱԱԼ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԱՌԱՋ ՄՂԵԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ՆՈՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆԸ, ՍԵՓԱԿԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՎ, ԻՆՉ ՈՐ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ՝ ՀՆԱՐԱՒՈՐԻՆՍ ՃՆՇՈՒՄ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎՐԱՅ»

Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ ստեղծուած իրավիճակը ու մանաւանդ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ լարուածութիւնը կը շարունակեն ուշադրութեան առարկայ դառնալ միջազգային հարթութեան վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի առաջատար մասնագէտներէն մին է վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ, որ երկար տարիներէ ի վեր աշխատած է այս հարցին վրայ եւ ունի կարեւոր դիտարկումներ։ Ան «Քարնեկի» հիմնարկի Եւրոպայի մասնաճիւղի աւագ գիտաշխատողն է։ Թոմաս տը Վաալ վերջին օրերուն հարցազրոյց մը տուաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հայկական ծառայութեան ղեկավար Հրայր Թամրազեանին՝ անդրադառնալով պատերազմի աւարտէն ետք սահմանին վրայ շարունակ-ւող փոխադարձ հրաձգութիւններուն, Ատրպէյճանի «խաղաղութեան» տեսլականին եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ծաւալապաշտ յայտարարութիւններուն։ Ան համոզուած է, թէ  Ատրպէյճան կը ջանայ ստիպել, որ հայկական կողմը հրաժարի Արցախի վերաբերեալ իր նկրտումներէն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտնի վերլուծաբանի յայտարարութիւնները։ Սղագրութիւնը պատրաստուած է մեր աշխատակից Յարութ Կիւլիւզեանի կողմէ։

*

-Մենք կը տեսնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ պատերազմի աւարտէն ետք ռազմական գործողութիւնները չեն դադրած: Զինուած առճակատումը այժմ նոր աշխարհագրութիւն ունի։ Կրնամ ըսել, որ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատային նախկին գիծը տեղափոխուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խորհրդային ժամանակներէն մնացած սահմաններուն։ Այժմ զինուած առճակատումը կ՚ահագնանայ, ինչ որ շատ թէժ է Սիւնիքի մարզին մէջ։ Ի՞նչ տեղի կ՚ունենայ եւ ինչո՞ւ ատրպէյճանցիները այսքան զաւթողական են Սիւնիքի մարզին մէջ՝ ձեր կարծիքով։ Ի դէպ, ո՛չ միայն հայերը կը խօսին, որ իրենց սահմանները խախտուած են, այլեւ ես ալ ունիմ անկախ աղբիւրներէ ստացուած տեղեկութիւն, թէ Ատրպէյճան իրօք խախտած է Հայաստանի սահմանը եւ մի քանի քիլօմեթրի խորութեամբ մտած՝ մեր տարածքը։ Խնդրեմ, ձեր մեկնաբանութիւնը։

-Այո, կարծես պատերազմական լայնածաւալ գործողութիւնները աւարտած են անցեալ տարի, սակայն, դժբախտաբար, հակամարտութիւնը կը շարունակուի ցած մակարդակի վրայ։ Ինչպէս դուք ճիշդ նկատեցիք, աշխարհագրութիւնը փոխուած է։ Մենք կը տեսնենք փոխադարձ հրաձգութիւնները հայ-ատրպէյճանական սահմանին՝ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի նաեւ Երեւանի եւ Նախիջեւանի հետ սահմանին միջեւ գտնուող Երասխի հատուածին մէջ։ Անոնք, որոնք երկար յիշողութիւն ունին, կը յիշեն, թէ այնտեղ մարտեր կ՚ընթանային նաեւ 1990 թուականի յունուարին։

Իսկ թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ, ապա կը կարծեմ, որ Ատրպէյճան կը փորձէ առաջ մղել խաղաղութեան իր նոր տեսլականը, իր պայմաններով, ինչ որ կը նշանակէ՝ հնարաւորինս ճնշում գործադրել հայկական կողմին վրայ, մինչեւ որ կոշտ հակազդեցութիւն ըլլայ հայկական ուժերուն կողմէ։ Սակայն անոնք կը շարունակեն առաջ մղել խաղաղութեան իրենց տեսլականը, ինչպէս իրենք կը տեսնեն, միջանցքն է այդ, որ Մեղրիով կամ Սիւնիքի մարզի այլ հատուածով պէտք է կապէ Ատրպէյճանը եւ Նախիջեւանը, որ իրենք պէտք է ետ բերեն անկլաւները կամ իրենց տեսանկիւնէն Հայաստանի տարածքի էքսկլաւները, որոնք իրենք կորսնցուցած են խորհրդային ժամանակահատուածի վերջաւորութեան։ Ու թերեւս ամենակարեւորը՝ իրենք կ՚ուզեն ստիպել հայկական կողմը, որպէսզի հրաժարի Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ իր նկրտումներէն։

Այսինքն, այս առաջարկին էութիւնը հետեւեալի մէջ է. «եթէ մենք կը ճանչնանք ձեր տարածքային ամբողջականութիւնը, մենք կանգ կ՚առնենք, կը ճանչնանք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանները, ապա հայկական կողմը պէտք է հրաժարի Արցախի կամ Ղարաբաղի նկատմամբ իր յաւակնութիւններէն եւ ճանչնայ Ատրպէյճանի՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքային ամբողջականութիւնը»։ Կը կարծեմ՝ այս է Ատրպէյճանի ռազմավարութիւնը։

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Ալիեւի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց ետ պիտի վերցնեն տարածքները՝ պնդելով Ատրպէյճանի պատմական հողերը: Այս պնդումներուն մէջ ան կը յիշատակէ Զանգեզուրը, Սեւանայ լիճը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը, զոր ինք կ՚անուանէ Իրեւան: Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին: Ինչո՞ւ ան նման յայտարարութիւններ կ՚ընէ:

-Ինծի համար քիչ մը դժուար է մեկնաբանել այդ յայտարարութիւնները։ Արդարեւ, անոնք կը հակասեն տարածքային ամբողջականութեան մասին քիչ առաջ արտայայտած տեսակէտիս: Ես զայն կը դիտարկեմ՝ որպէս Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու միջոց եւ ներքին լսարանին ուղղեալ պատգամներ։ Ատրպէյճանի մէջ հզօր խումբ  մը կայ բաղկացած Հայաստան ծնած ատրպէյճանցիներէ կամ անոնց ժառանգներէն։ Ալիեւ ունի անոնք բաւարարելու մարտավարութիւն: Անշուշտ այս յայտարարութիւնները նոր ուժգնութիւն ստացան: Յիշեցնեմ, որ երկրի գործող նախագահի հայրը՝ Հայտար Ալիեւ, Ատրպէյճանի մասին միշտ խօսած է անոր ճանչցուած սահմաններով: Երբեք խօսակցութիւն չէ եղած ընդլայնուելու մասին՝ թէ՛ դէպի Իրան, ինչպէս իր նախորդը՝ Ապտուլ Վազ էլ Ճիպէյլը կ՚ըսէր եւ  թէ՛ դէպի Զանգեզուր: Քիչ մը տարօրինակ է մեկնաբանելը: Ես խորքին մէջ լուրջ չեմ վերաբերիր անոնց նկատմամբ: Բայց, ի հարկէ, նման յայտարարութիւններ կը շարունակուին: Ես զանոնք կը դիտարկեմ աւելի՝ որպէս կոշտ ճնշում հայկական կողմին վրայ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 27, 2021