ՆԱՒԱՄԱՏՈՅՑԸ ՔԱՆԴԵ՞Լ

Բնականին եւ արհեստականին համակեցութիւնը մարդ արարածին տեսակէտէ կենսական է երկրագունդի վրայ։ Իրականութեան մէջ, բնութիւնը ունի իր հաւասարակշռութիւնները եւ պէտք չունի մարդուն հետ գոյակցութեան եզրեր փնտռելու։ Բայց, քանի որ մարդը, իր կարգին, մաս կը կազմէ բնութեան ու պէտք ունի անոր հետ ներդաշնակութեան՝ ապա այդ համերաշխութիւնը կը դառնայ էական, տարրական։

Մարդ արարածը համոզուած է, թէ կ՚իշխէ երկրագունդի վրայ, տէրն ու տիրականն է անոր։ Իրականութեան մէջ ան լրիւ կ՚իշխէ միայն ցամաքի վրայ։ Նոյն իշխանութիւնը ջուրին վրայ չունի, թէեւ յաջողած է բազում միջոցներ գտնել՝ զայն շրջանցելու։ Բայց եւ այնպէս, շրջանցել տակաւին չի նշանակեր տիրել։ Մարդ արարածը ցամաքի վրայ որքան որ կ՚ամրապնդուի, այնքան կը քանդէ բնութիւնը, բնականը։ Նոյնիսկ, ցամաքի վրայ առած քայլերով կենսոլորտը անվերադարձօրէն կ՚ապականէ, որով օդն ու ջուրն ալ կ՚ազդուին։ Քիչ չեն ջուրը եւ օդը շրջանցելու համար առնուած քայլերու պատճառած վնասները։ Մարդ որքան որ ալ տիրէ եւ որքան որ ալ վնասէ, մետայլի միւս երեսակին՝ շատ տկար է բնութեան դիմաց։ Ջրհեղեղներ, երկրաշարժներ, փոթորիկներ... Ձեռքէ բան չի գար, բացի ծանր հետեւանքներուն ենթարկուելէ։ Հիմա այնպիսի ժամանակներ եկած են, որ իր իսկ պատճառած ապականութեան հետեւանքով՝ մարդ արարածը շատ աւելի յաճախակիօրէն դէմ յանդիման կը մնայ բնութեան ամենադաժան երեսին։

Լաւագոյն օրինակը ջուրի վրայ է։ Նաւերը մարդը կը խնայեն ջուրէն եւ ներդաշնակ ձեւով կ՚ընթանայ ամէն ինչ նաւարկութեան ատեն։ Մարդիկ, որոնք նաւուն մէջ կը գտնուին, միթէ կը մտածե՞ն նաւամատոյցը քանդելու մասին։ Իսկ այդ նոյն մարդը, ոտքը ցամաքին վրայ դրած պահուն ինչո՞ւ կ՚առնէ՝ նաւամատոյցը քանդելու համազօր քայլեր…

Ինչո՞ւ խզել բնականին եւ արհեստականին կապը, իմաստ ունի՞ այդ կենսական ու վերանորոգ կամուրջը հրկիզել։

Ուրբաթ, Օգոստոս 27, 2021