ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԲԵՐՁՈՐԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅՔԻՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՆՁՆՈՒԵԼՈՒՆ

Հայաստան երէկ պաշտօնապէս Ատրպէյճանին յանձնեց Բերձոր (Լաչին) քաղաքն ու շրջակայքը՝ Արցախի Քաշաթաղի հատուածը։ Այս կապակցութեամբ Թուրքիա երէկ արտայայտեց իր պաշտօնական տեսակէտը։ Անգարայի ղեկավարութեան արձագանգին մէջ մատնանշուեցաւ, որ 9 նոյեմբեր 2020 թուակիր եռակողմանի յայտարարութեան մէջ (հրադադարի) համաձայնութեան գծով արտայայտուած հանգամանքներուն ուղղութեամբ կ՚ընթանայ այն գործընթացը, որով վերոյիշեալ շրջանները յանձնուած են Ատրպէյճանին։ Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ գոհունակութիւն յայտնուած է այս ուղղութեամբ։ Ընդգծուած է, որ ինչպէս ցայսօր, այնպէս ալ այսուհետեւ Թուրքիա պիտի շարունակէ խրախուսել եղբայրական Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը։

Թրքական կողմը երէկուան իրադարձութիւնը յատկանշական փուլ մը համարած է Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Անգարա յոյս կը յայտնէ, թէ այս իրադարձութիւնը կը նպաստէ ինչպէս Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններուն, այնպէս ալ տարածաշրջանային բնականոնացման։

Ծանօթ է, որ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դարձեալ սկսած է բնականոնացման գործընթաց մը։ Անգարա առաջին իսկ օրէն կ՚ընդգծէ, որ Երեւանի պարագային առնուած բոլոր քայլերը կը համաձայնեցնէ Պաքուի հետ։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022