ԽՈՒՃԱՊԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ

Օգոստոսի 14-ին «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին պայթումը ցնցեց հայկական աշխարհը։ Ցաւակցական հեռագրեր եկան բազմաթիւ երկիրներէ։ Կառավարութեան որոշումով օգոստոսի 17-18-ը յայտարարուեցան սգոյ օրեր։

Ինչպէս ասկէ երկու տարի առաջ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, որուն ժամանակ շտեմարաններու պայթուցիկ նիւթի բռնկումը մարդկային բազմաթիւ կեանքեր խլեց, քաղաքական տագնապը խորացուց, հոգեպէս ընկճեց Լիբանանի ժողովուրդը եւ տնտեսական մեծ վնասներ պատճառեց, «Սուրմալու»ի պայթումը նոյնպէս մեծ ցնցում է հայերուն համար։ Թէեւ ան Պէյրութի պայթումին ծաւալները չունի, բայց եւ այնպէս, դէպքը պատահեցաւ հայութեան համար շատ դժուար ու տագնապալի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հասարակութեան քաղաքական հայեացքները բեւեռացած են, երբ Բերձորի, Աղաւնոյի եւ Սուսի բնակչութիւնը կը դիմագրաւէ տեղահանութեան սպառնալիքը, երբ անորոշութիւնը ծաւալած է Հայաստանը Արցախին կապող նոր միջանցքին շուրջ եւ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան թերացումին պատճառով՝ Արցախի անվտանգութեան շուրջ մտահոգութիւններ կան եւ մասամբ նորին…

Տակաւին չէ գնահատուած պայթումին պատճառած վնասներուն ծաւալը, ո՛չ ալ աւարտած են գլխաւոր պատճառներուն հետաքննութիւնն ու պատասխանատուներուն հարցաքննութիւնը։ Երկու օր տեւած են աւերակներուն մէջ ողջ մնացած մարդոց որոնումները, դիակներու փնտռտուքը (…)։

Առեւտուրի նման կարեւոր կեդրոնի մը փլուզումը բազմաթիւ հարցումներ կը ստեղծէ։ Առաջին մակարդակին քրէական պատասխանատուութեան հարցը՝ մահացած քաղաքացիներուն հանդէպ եւ այնտեղ գտնուող գործարարներուն, յաճախորդներուն, վաճառորդներուն, այցելուներուն հանդէպ։ Անոնք մարմնական եւ տնտեսական վնասներ կրած են եւ անոնց հատուցումներ կատարելու խնդիրն ալ արդար է։

Երկրորդ հարցը պայթումին քաղաքական հետեւանքներն են, անոր շահագործումը ներքին եւ արտաքին քաղաքական տարբեր ուժերու կողմէ։ Առաջին անգամ այսքան մեծ ծաւալի պայթումի մը ականատես կ՚ըլլայ Երեւան, որ զբօսաշրջիկներու համար խաղաղ ու բոլորովին անվտանգ քաղաքի մը համբաւը կը վայելէ։ Կը շրջին այնքա՜ն անհիմն դրդապատճառներ, դաւադրական անտեղի տեսութիւններ, որոնք աւելի ապառողջ կը դարձնեն՝ առանց անոր ալ հասարակութեան արդէն բեւեռացած մթնոլորտը։

«Սուրմալու»ի պայթումը զուգադիպեցաւ այնպիսի ժամանակի մը, երբ քանի մը շաբաթ է՝ Երեւանի ռազմավարական նշանակութեամբ տարբեր վայրերու. ինչպէս՝ մեթրոյին, օդակայանին եւ պետական շէնքերու մէջ կը հնչեն ռումբի անհիմն ահազանգներ, որոնց համար ոստիկանութիւնը եւ անվտանգութեան ծառայութիւնները յաճախ ստիպուած կ՚ըլլան կատարել ապահովութեան ստուգումներ՝ պատճառ դառնալով տուեալ կառոյցի գործունէութեան կասեցման, ինչ որ մեծ դժգոհութիւն կը յառաջացնէ հանրութեան եւ օգտատէրերուն մէջ։

Կարգ մը մութ ուժերու կողմէ կայ քաղաքացիներուն մէջ խուճապի մթնոլորտ ստեղծելու յստակ մտադրութիւն, որուն առաջքը պէտք է առնել։ Նախնական տուեալներով՝ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի պայթումին պատճառը հրավարութեան համար պայթուցիկ նիւթերու պահեստին մէջ ծագած հրդեհն է։ Սակայն, նոյնիսկ եթէ ճիշդ ըլլայ այն վարկածը, թէ պատահարը ուղղակի ահաբեկչական ծրագիր մը չէր, կրնայ ըլլալ որ հրդեհը դիտաւորեալ ըլլայ։

Ռուսաստանի դեսպանութիւնը հակազդած էր կարգ մը լրասփիւռներու՝ պայթումը Ռուսաստանի գաղտնի գործակալներուն վերագրուելուն դէմ։

Խուսափելու համար անտեղի ամբաստանութիւններէ, իրաւական համակարգը պէտք է արդար հարցաքննութիւն կատարէ եւ կառավարութիւնը յստակօրէն վերանայի տօնական հրավառութեանց պայթուցիկ նիւթերու պահեստաւորման եւ վաճառքի օրէնքները, առեւտուրի կեդրոններու ապահովութեան կանոններու պահպանումը եւ տեւական ստուգումը, ապահովագրական ընկերութիւններու հետ պայմանագրերու սահմանումը։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ» երկօրեայի

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022