ՅՈՒՆԱՆԵԱՆ. «ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԸ ՈԵՒԷ ՄԷԿՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՉԷ ՉԵՂԱՐԿՈՒԱԾ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի նոր համանախագահ նշանակուիլը եւ Պաքուի կողմէ արտայայտուած բուռն բողոքը կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։ Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ծագած այս բանավէճին կապակցութեամբ երէկ Երեւանի ղեկավարութիւնն ալ պաշտօնապէս արտայայտեց իր վերաբերմունքը։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վահան Յունանեան յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնը ունի միջազգային լիազօրութիւն՝ աջակցելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի տեւական ու համապարփակ կարգաւորման։

«Այս լիազօրութիւնը ոեւէ մէկը չէ չեղարկած», յայտնեց բանբեր Վահան Յունանեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանին տուած յայտարարութեան մէջ։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022