4 ՁԵՐԲԱԿԱԼԵԱԼԸ ԱՐԴԷՆ ՅԱՅՏՆԻ Է

Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնէն ներս պատահած պայթումին զուգահեռ սկսած հետաքննութիւնը կը շարունակուի։ Երեւանի դատախազութեան աղբիւրները երէկ հաղորդած էին, որ 4 հոգի ձերբակալուած է այս շրջանակին մէջ։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի աղբիւրներն ալ աւելի ուշ յայտնեցին, որ արդէն յայտնի է, թէ ովքեր են այդ ձերբակալեալները։ Այսպէս, ձերբակալեալներէն մէկը առեւտուրի կեդրոնի փոխ-տնօրէններէն մէկն է, իսկ միւսը՝ պայթումի պատահած տարածքին վարձակալը։ Միւս երկու ձերբակալեալներն ալ եղած են պահեստը շահագործողները։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022