«ՄԵՐ ՌԱԶՄԱՕԴԱՆԱՒԵՐԸ ՊԱՏԱՀԱԲԱՐ ՉԵՆ ԹՌԻՐ»

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտիի մը ստեղծման նպատակով Թուրքիոյ կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համար սահմանուած երկու շաբթուան ժամկէտը արդէն կը բանի։ Անգարա երկու շաբթուան ժամանակաշրջան մը նախատեսած էր Ուաշինկթընի հետ անվտանգ գօտին ստեղծելու համար ու տեղեկացուցած էր, որ այլապէս պիտի գործադրէ սեփական ծրագիրը։ Մինչ այդ ժամկէտը կը մօտենայ իր աւարտին, Էրտողան երէկ ընդգծեց, որ սահմանի ամբողջ երկայնքով ձեռք առնուած են անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցները։ Վերջին օրերուն թրքական ռազմաօդանաւերն ալ սահմանի երկայնքով կատարեցին թռիչքներ, ինչ որ պատահական չէր։ Նախագահը ընդգծեց, որ այդ բոլորը պարզ չուերթներ չեն։

Միւս կողմէ, Էրտողան վերջին օրերուն Նիւ Եորք կատարած այցելութեան ժամանակ յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ բարդ գործընթացը կը յաղթահարուի։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրեց երկու երկիրներու միջեւ մշակուած հաղորդակցութեան վրայ եւ աւելցուց, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հաստատած են սերտ երկխօսութիւն մը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2019