ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հովուապետական այցելութիւն մը կու տայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը։ Կը հաղորդուի, որ Նորին Սրբութիւնը Լոս Անճելըսի շրջանի հայութեան կողմէ կ՚ընդունուի մեծ խանդավառութեամբ ու ջերմութեամբ։ Միջեկեղեցական շրջանակներն ալ կ՚ողջունեն Ամենայն Հայոց Հայրապետին այցելութիւնը։ Ինչպէս հաղորդած էինք, հովուապետական այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ։

Թեմի առաջնորդանիստ Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Հրաշափառ»ի հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Իր շքախումբի բարձրաստիճան եկեղեցականներուն, ինչպէս նաեւ թափօրին մաս կազմած շրջանի քոյր եկեղեցիներու վիճակաւորներուն կողմէ Նորին Սրբութիւնը առաջնորդուեցաւ եկեղեցի, ուր իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։ Ընդարձակ եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան մը կողմէ։ «Հրաշափառ»ի արարողութեան ներկայ էին նաեւ պետական ներկայացուցիչներ։ Մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան։

Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք Տէրտէրեան Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ ջերմ ելոյթով մը ողջունեց Նորին Սրբութեան այցելութիւնը։ Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեայ յոբելեանին առթիւ յղեց շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ։ Այս առթիւ ան բարձր գնահատեց ամերիկահայութեան ձեռքբերումներն ու յաջողութիւնները՝ ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս։ Նորին Սրբութիւնը ամերիկաբնակ հայորդիներուն մաղթեց Աստուծոյ ամենառատ շնորհներն ու օրհնութիւնները։ Ան յորդորեց, որ աստուածահաճոյ կեանքով, անսպառ եռանդով, ազգային եւ հոգեւոր կեանքի բարօրութեան ու պայծառութեան տեսլականով անոնք շարունակեն եկեղեցաշէն եւ ազգօգուտ իրենց գործերը։

«Հրաշափառ»ի արարողութեան աւարտին հաւատացեալները Աջահամբոյրի համար մօտեցան Վեհափառ Հայրապետին, որ անմիջական վերաբերմունքով օրհնեց բոլորը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2017