ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Ղազախիստանի Արուեստի թանգարանին մէջ բացուած է «Իմ Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսը, որու ընթացքին ներկայացուած են հայ նկարիչներու աշխատանքները թանգարանի հաւաքածոյէն։ Նոյն օրը տեղի ունեցած է նաեւ ցուցահանդէսի պատկերագիրքի շնորհանդէսը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, նախաձեռնութեան հեղինակը Ղազախիստանի մօտ Հայաստանի դեսպանատունն է։ Այս ձեռնարկը նուիրուած է Հայաստանի եւ Ղազախիստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին։

Նախագծի նպատակն է հանրութեան ներկայացնել հայ կերպարուեստի ժառանգութիւնը, որ հոգատար կերպով կը պահուի Ղազախիստանի մէջ եւ կը համարուի թարնգարանի հարստութեան անբաժանելի մասը։

«Իմ Հայաստան» ցուցահանդէսը միաւորած է տարբեր պատմական ժամանակաշրջաններ ներկայացնող ականաւոր հայ նկարիչներու ստեղծագործութիւնները՝ դասականէն մինչեւ արդիական ժամանակաշրջան։ Անոնցմէ շատերը յայտնի են նաեւ իրենց երկրի սահմաններէն դուրս։

Ղազախիստանի Արուեստի թանգարանի մամլոյ ծառայութեան պատրաստած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ համաշխարհային փառքի արժանացած է ծագումով հայ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքին, իսկ Վարդգէս Սուրէնեանց հայ նկարչութեան պատմական ժանրի հիմնադիրն է, որ իր աշխատանքներուն մէջ համադրած է արեւմտաեւրոպական, ռուսական եւ ազգային արուեստի դպրոցներու աւանդոյթները։ Շատերու համար Հայաստանի մասին պատկերացումները ձեւաւորուած են Մարտիրոս Սարեանի ստեղծագործութիւններու ազդեցութեան ներքոյ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 27, 2017