ԴԷՊԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Փարիզի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարներու 34-րդ համաժողովը։ Կազմակերպութեան անդամ, ընկերակից կամ դիտորդ 84 երկիրներէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ մասնակցեցան այս համաժողովին։ Ներկայ էին նաեւ կազմակերպութեան գործընկեր կառոյցներու ղեկավարները։

34-րդ համաժողովի ծիրէն ներս Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախարարներու համաժողովի նախագահութիւնը ստանձնեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Փարիզի մէջ կազմակերպութեան անդամ պետութիւնները միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուին Հայաստանի առաջարկին՝ որպէսզի Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան յաջորդ տարուան գագաթաժողովը տեղի ունենայ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, 11-12 Հոկտեմբեր 2018 թուականին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովը, որուն պիտի նախորդէ նախարարներու համաժողովը՝ 8-9 Հոկտեմբեր 2018-ին։ 7 Հոկտեմբերին ալ կազմակերպութեան մշտական խորհուրդը ժողով մը պիտի գումարէ Երեւանի մէջ։

Փարիզի ժողովին ընթացքին Նալպանտեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին ընդգծեց հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը՝ Երեւանի յառաջիկայ գագաթաժողովին ընդառաջ բոլոր կողմերուն հետ համագործակցելու ուղղութեամբ։

Փարիզի ժողովներու աւարտին Եդուարդ Նալպանտեան համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի, Մատակասքարի Արտաքին գործոց նախարար Անրի Ռապարի-Նծաքանի, Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի ու ֆրանսախօսութեան հարցերով պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ Լըմուանի հետ՝ ամփոփելով համաժողովի արդիւնքները։

Փարիզի համաժողովի մասնակիցները դիտեցին Հայաստանի մասին ժապաւէն մը։ Այս առթիւ անոնք ծանօթացան գագաթաժողովի իրականացման պայմաններուն, նիստերու նախատեսուած վայրերուն, ենթակառուցուածքներուն եւ կազմակերպչական այլ վայրերուն։ Համաժողովի ընթացքին միեւնոյն ժամանակ հաստատուեցաւ Երեւանի յաջորդ տարուան գագաթաժողովի կարգախօսը. «Ապրիլ միասին»։ Նալպանտեան յայտնեց, որ այս կարգախօսը տեղ պիտի գտնէ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան առաջարկուելիք նոր հիմնարար փաստաթուղթի՝ Երեւանի փաքտի հիմքին մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017