ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը Հայաստան բերուած է սուրիահայ ընտանիքներուն բաժնելու համար: Ձեռնարկին ներկայ էին՝ գիրքի հայերէն տարբերակի հեղինակներ՝ Ծոցի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարՏքթ. Հրայր Ճէպէճեան եւ Տքթ. Արտա Ճէպէճեան, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան, հայաստանեան կառոյցի ներկայացուցիչներ, «Սուրիահայերու հիմնահարցերը համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի նախագահ Ճորճ Բարսեղեան, սուրիահայ ընտանիքներ, հիւրեր:

Ողջունելով ներկաները՝ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց գիրքին լոյս ընծայումը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ, որ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը Հայաստանի մէջ եւս աշխուժօրէն կը գործէ: Համոզուած եմ, որ «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» հայ ընտանիքին մէջ մանուկներու քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւոր միջոց է»:

«Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» գիրքին մասին իրենց դիտարկումները ներկայացուցին եւ արժեւորեցին՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, Երեւանի Պետական մանկավարժական համալսարանի Սփիւռք գիտական-ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, գրականագէտ, գրաքննադատ Սուրէն Դանիէլեան, Յարութ Ներսէսեան, Ճորճ Բարսեղեան, ԱԱՄԸ-ի Երեւանի հովիւ Յովիկ Յովսէփեան:

Գիրքին ստեղծման աշխատանքներուն եւ նպատակներուն մասին խօսեցաւ Հրայր Ճէպէճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան եւ Աւետարանչական ընկերակցութեան աջակցութեան համար եւ նշեց, որ «Երիտասարդ ընտանիքի Աստուածաշունչը» արդէն հասած է Լիբանանի հայ ընտանիքներուն, շուտով կը հասնի նաեւ Հալէպ: «Շնորհակալ եմ, որ կրցայ գիրքէն խմբաքանակ մըն ալ հասցնել Հայաստան՝ սուրիահայ ընտանիքներուն բաժնելու համար», աւելցուց ան:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2017