ԱՅՎԱԶԵԱՆ-ԿՈՒԹԵՐԵՍ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Այվազեան եւ Կութերես քննարկեցին Արցախի մէջ յետպատերազմեան շրջանի առկայ մարդասիրական իրադրութիւնը եւ անոր հետեւանքները տարածքաշրջանի համար։ Անդրադարձ կատարուեցաւ մարդասիրական տագնապին եւ անոր դիմագրաւման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն։ Այս առընչութեամբ Արա Այվազեան մասնաւորապէս ընդգծեց միջազգային կառոյցներու եւ նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ի համապատասխան մարմիններու տեղւոյն վրայ ներգրաւուածութեան կարեւորութիւնը։

Զրոյցի ընթացքին Այվազեան շեշտեց տեղահանեալ արցախահայութեան վերադարձի համար պայմաններու ապահովման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղեալ քայլերու անհըրաժեշտութիւնը։ Նախարարը ընդհանուր քարտուղարին համապարփակ տեղեկութիւն տրամադրեց Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքեւ յայտնուած ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու դէմ խոշտանգումներու եւ բռնութեան այլ դրսեւորումներու վերաբերեալ։

Երկուստեք առանձնայատուկ ընդգծուեցաւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւանց չափանիշներու խստագոյն պահպանումը Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ յարգալից վերաբերմունքը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2020