ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ՇՓՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուշ գիշերին տեղեկացուց, որ ժամուան մը ընթացքին երկու անգամ հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քննարկումներու առանցքին գտնուած են՝ Լաչինի միջանցքի բնակավայրերու, պատերազմի ժամանակ կորսուածներու, որոնողական աշխատանքներու, զոհերու մարմիններու եւ գերիներու փոխանակման հարցերու, խաղաղապահներու տեղակայման, սահմանազատման, ինչպէս նաեւ տարածքաշրջանի փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ հարցեր։

Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ նման քննարկումները կը կրեն պարբերական բնոյթ, երբեմն տեղի կ՚ունենան օրը քանի մը անգամ։ Այսպիսի քննարկումներու մասին միշտ չէ, որ հաղորդագրութիւններ կը հրապարակուին՝ հաշուի առնելով անոնց աշխատանքային բնոյթը եւ յաճախակիութիւնը։

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ այս օրուայ դրութեամբ կը վերականգնուի Ստեփանակերտի աւելի քան իննսուն տոկոսի կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը։

ՎԵՐԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ

Մինչ այդ, ռուսական հեղինակաւոր «Նեզավիսիմայա Կազեթա»ն հրապարակեց յօդուած մը, որով անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին լայնածաւալ պատերազմին։ Այսպէս, Ատրպէյճան երեսուն տարի սպասեց եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յաջող ռազմական գործողութիւն մը իրականացուց, օգտուելով հայ հասարակութեան անկայունութենէն եւ Հայաստանի կառավարութեան տկարութենէն։ Ռուս խաղաղապահներու տարածքաշրջան մուտքին անդրադառնալով՝ յօդուածին մէջ նշուած է, որ Նիկոլ Փաշինեանի արեւմտամէտ քաղաքականութիւնը ֆիյասքոյով աւարտած է։ Պատերազմի ժամանակ արեւմուտքը չաջակցեցաւ Երեւանին ու կը շարունակէ լռել մինչեւ հիմա, երբ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական աղէտ տեղի կ՚ունենայ։ Ռուս խաղաղապահներու Ղարաբաղ ժամանումը տարածքաշրջանի բնակչութեան գոյատեւման միակ հնարաւորութիւնը դարձաւ։

Ատրպէյճանին անհրաժեշտ եղած է աւելի քան երեսուն տարի՝ շահեկան քաղաքական պահը օգտագործելու համար, ինչ որ ապահովեց հայ հասարակութեան անկայունութեան եւ Հայաստանի ղեկավարութեան թուլութեան հետ՝ յաջող ռազմական գործողութիւն իրականացնելն ու Լեռնային Ղարաբաղի գրեթէ ամբողջութեամբ վերադարձուիլը։ Հայկական բանակի ամբողջական պարտութիւնը եւ տարածքաշրջանի հայերու համար լիակատար կորուստը կասեցուց միայն Մոսկուան՝ ռազմական գործողութիւններու չվերսկսման միակ երաշխաւորը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2020