ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՅԱՐՄԱՐ ՉԴԱՏԵՑ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋ ԳՏՆԵԼԸ

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ քննարկուեցաւ ընդդիմութեան կողմէ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկ մը, որով կը նախատեսուէր երկրէն ներս բաւ համարել ռազմական դրութիւնը։ Այս նախագծի քննարկման ժամանակ խորհրդարանի դահլիճին մէջ ստեղծուեցաւ մեծ լարուածութիւն՝ երկրի ներքին քաղաքական կեանքի առկայ մտահոգիչ պատկերին համապատասխան։

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութիւնը անխուսափելիօրէն կը համարուի նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան վախճանը։ Բոլոր հարթութիւններու վրայ կը բարձրաձայնուի արտահերթ ընտրութիւններու հարցը։ Ամենամեղմ բանաձեւումով՝ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները ժողովրդական յենարաններէ այլեւս բոլորովին զրկուած են։ Այս իրավիճակին մէջ փակուղին յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է իշխանափոխութիւնը, որու պայմանները չեն գոյանար, նաեւ յաճախ կը վիժեցուին արհեստականօրէն։

Իշխանափոխութեան ձգձգման տեսակէտէ կարեւոր նշանակութիւն ունի պատերազմի ժամանակ երկրէն ներս յայտարարուած ռազմական դրութեան շարունակուիլը։ Գաղտնիք մըն ալ չէ, որ այս պահուն այդ ռազմական դրութեան պայմանները իշխանութեան կողմէ կ՚օգտագործուին ընդդիմութիւնը զսպելու, իշխանափոխութեան ճանապարհները խցանելու նպատակով։

Խորհրդարանի երէկուան քննարկումներն ալ ցոլացուցին նոյն պատկերը։ Արտահերթ ժողովի ժամանակ կատարուեցաւ քուէարկութիւն։ Արդիւնքին 36 երեսփոխան կողմնակից եղաւ արտակարգ դրութեան դադրեցման, իսկ 56-ը դէմ գտնուեցաւ։ 2 պատգամաւոր մնաց ձեռնպահ։ Ձայներու այս յարաբերակցութիւնով Հայաստանի խորհրդարանը յարմար չդատեց արտակարգ դրութեան բաւ համարուիլը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2020