ՍՈԹՔԻ ՈՍԿԻԻ ՀԱՆՔԸ ՊԻՏԻ ԲԱԺՆՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան գործադրութեան զուգահեռ արդէն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած է Քարվաճառի (Քելպեճեր) շրջանը։ Համաձայնութեան գործադրութեան իւրաքանչիւր փուլին նոր բարդութիւններ կը յառաջանան հայկական կողմին տեսակէտէ։ Երէկ, Հայաստանէն խումբ մը երեսփոխաններ ահազանգ հնչեցուցին, որ Ատրպէյճանի զինուորականներ ներխուժած են Սոթքի ոսկիի հանքը։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հերքեցին այս լուրը առաջին հերթին։ Նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Քարվաճառի շրջանէն ներս կ՚ընթանան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանագծի վերջնական ճշգրտման աշխատանքները։ Սահմանամերձ Վարդենիսի քաղաքապետ Արամ Մելքոնեանն ալ օրուայ ընթացքին յայտարարութիւններ ըրաւ լրատուամիջոցներու։ Թէեւ աւելի մանրամասնութիւններ չհաղորդեց, սակայն չհերքեց հանքի վերաբերեալ տեղեկութիւնները։ Քաղաքապետը նշեց, որ սարքաւորումներով կը գծուի սահմանագիծը։

Աւելի ուշ, Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի առաջին տեղակալ Տիրան Խաչատրեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զօրքերը երեք դիրք տեղադրած են Սոթքի ոսկիի հանքէն ներս եւ անոնցմէ մին անմիջապէս հանքի եզրագծով։ Ըստ իր բացատրութիւններուն, Սոթքի ոսկիի հանքը պիտի բաժնուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Հանքը կ՚իյնայ ճիշդ սահմանագծի վրայ, իբր այդ սահմանագիծը կ՚անցնի անոր մէջով։ Ուստի, յառաջիկայ շրջանին այդ հանքին կէսը պիտի  պատկանի Հայաստանին, իսկ միւս կէսը՝ Ատրպէյճանին։

Հարկ է նշել, որ Սոթքի ոսկիի հանքը կ՚օգտագործուէր ռուսական ընկերութեան մը կողմէ, որ Հայաստանի չորրորդ մեծ հարկատուն էր։ Ըստ այս առաւօտ Երեւանէն հասած վերջին լուրերուն, երէկուընէ ի վեր հանքը չի գործեր։ Այս պահուն այդտեղ քարտէսագրումներ կ՚իրականացուին։ Այդ աշխատանքներէն վերջ յայտնի պիտի դառնայ, որ այսուհետեւ հանքը պիտի գործէ՞, թէ ոչ։

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ այս առաւօտ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ նշուեցաւ. «Պետական սահմանի սահմանագծումը եւ սահմանազատումը տեւական, համալիր գործընթացներ են, որոնք կ՚իրականացուին պետութիւններու միջեւ ձեւաւորուող համատեղ յանձնաժողովներու եւ աշխատանքային խումբերու կողմէ՝ միջպետական բանակցութիւններու ճանապարհով եւ ի վերջոյ կը կնքուի համապատասխան միջազգային փաստաթուղթ»։

Յայտարարութեան մէջ տեղեկացուեցաւ, որ մարտական հերթապահութեան իրականացման նպատակով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն միջեւ երէկ տեղի ունեցած է ժամանակաւոր մարտական յենակէտերու փաստացի տեղակայման կէտերու յստակեցումը։  

Ըստ երեւոյթին, այս հարցին շուրջ կան տակաւին բազում անորոշութիւններ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2020