ԵՐԵՔ ԺԱՄ ԳԼՈՒԽ ԳԼՈՒԽԻ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երեք ժամ գլուխ գլուխի տեսակցեցան Սոչիի մէջ։ Այսպէսով, 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Վլատիմիր Փութին երկրորդ անգամ մէկտեղած եղաւ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը, որոնց նուիրեց ձիթենիի ճիւղեր՝ ի նշան խաղաղութեան։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ այս ձեւաչափով առաջին հանդիպումը Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած էր՝ հրադադարի համաձայնութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին ներքեւ։ Շուրջ տարի մը անց նոյն ձեւաչափով երկրորդ ժամադրութեան վայրը հանդիսացաւ Սոչին՝ միշտ ռուսական կողմի տանտիրութեամբ։ Փութինի միջնորդութեամբ, հիւրընկալմամբ ու մասնակցութեամբ երէկ տեղի ունեցած բանակցութիւններու աւարտին հրապարակուեցաւ պաշտօնական համատեղ յայտարարութիւն մը, զոր տեսնել յարակից սիւնակին մէջ։ Բացի եռակողմանի հանդիպումէն, Փութին Սոչիի մէջ առանձնազրոյցներ ալ ունեցաւ Ալիեւի եւ Փաշինեանի հետ։ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն առանձնազրոյցը նախորդեց եռակողմանի հանդիպման, իսկ Փաշինեան-Փութին երկկողմանի հանդիպումը՝ յաջորդեց։

Սոչիի գագաթաժողովի սկիզբին երեք ղեկավարները ամփոփ ելոյթներով հանդէս եկան՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու համար բաց փուլին։ Երեք ժամ տեւած բանակցութիւններէն վերջ, անոնք դարձեալ յայտնուեցան տեսախցիկներու դիմաց եւ այս փուլին ալ հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւնը։ Փութին Սոչիի գագաթաժողովի աւարտին տեղեկացուց, որ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետները յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ պիտի հաւաքուին՝ ամփոփելու համար որոշ արդիւնքներ եւ յայտարարելու այն որոշումները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է երէկուան գագաթաժողովին ժամանակ։ Մինչ ընդհանրապէս Երեւանէն եւ Պաքուէն դրական ազդանշաններ կը տրուին երէկուան ամենաբարձր մակարդակի շփման լոյսին տակ, արդէն օրակարգի վրայ է նաեւ Փաշինեան-Ալիեւ նոր՝ յաջորդ ժամադրութիւնը, որ նախատեսուած է դեկտեմբերի 15-ին Պրիւքսելի մէջ, Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովի օրերուն։ Ծանօթ է, որ Պրիւքսելի ժամադրութեան մասին շատ աւելի վաղ յայտարարուեցաւ՝ քան Սոչիի երէկուան գագաթաժողովը։ Այս հանգամանքը որոշ մեկնաբանութիւններու ծնունդ տուաւ՝ միջնորդի դերակատարութեան շուրջ մրցակցութեան պարագաներու տեսակէտէ։ Յամենայնդէպս, Փութին երէկ Սոչիի մէջ ողջունեց մօտաւոր ապագային Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած Փաշինեան-Ալիեւ յաջորդ ժամադրութիւնը՝ յայտնելով, թէ կողմերը որքան յաճախակի անմիջականօրէն հանդիպին, այնքան լաւ է։ Ռուս ղեկավարը յիշեցուց, որ վերջերս այդ մասին խօսած է ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ «Ան ձեզի կը սպասէ», ըսաւ Փութին։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սոչիի երէկուան գագաթաժողովի սկսելէն անմիջապէս առաջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութիւնները կը նշուին։ Իսկ գագաթաժողովէն վերջ, Վլատիմիր Փութին ժողովի հրաւիրեց Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը, որու անդամներուն հետ արժեւորման ենթարկեց Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ հանդիպման արդիւնքները։

Վլատիմիր Փութին թէ՛ երկկողմանի հանդիպումներուն եւ թէ եռակողմանի գագաթաժողովին ժամանակ երէկ տուաւ յստակ պատգամներ։ Այդ բոլոր հանդիպումներու օրակարգին վրայ էին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի դէպքերը եւ այլն։ Միշտ ընդգծելով ռուս խաղաղապահներու դերակատարութիւնը՝ ան ցաւ յայտնեց, որ տակաւին կան չլուծուած խնդիրներ, կը պատահին դէպքեր, որոնք զոհեր կը խլեն։ «Մենք այս իսկ պատճառով այսօր հաւաքուած ենք, որպէսզի տեսնենք, թէ ի՛նչ կատարուած է եւ ինչ պէտք է կատարուի ո՛չ միայն նման դէպքերէ խուսափելու համար, այլեւ ընդհակառակն՝ ստեղծելու համար իրավիճակի հանդարտեցման այնպիսի պայմաններ, որոնք տարածաշրջանէ ներս թոյլ կու տան մարդոց հանգիստ ապրելուն, իսկ երկիրներուն համար կ՚ապահովէ զարգացում», նշեց ան։

Եռակողմանի հանդիպման սկիզբին ռուս ղեկավարը շեշտեց, որ ամենամեծ ձեռքբերումներէն մին կը համարէ՝ տարածաշրջանէ ներս լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու դադրած ըլլալը։ «Այս ընթացքին, իսկապէս, քիչ բան չէ կատարուած։ Ցաւօք, տակաւին որոշ հարցերը լուծուած չեն։ Գիտեմ նաեւ սահմանին տեղի ունեցած դէպքերուն մասին, ողբերգական միջադէպեր, երբ երկու կողմէ մարդիկ կը զոհուին, կը վիրաւորուին։ Այս բոլորը մեր կողմէ յատուկ ուշադրութեան պէտք է արժանանայ։ Ըստ էութեան, այս բանին համար մենք այսօր հաւաքուած ենք, որպէսզի ապագային նման դէպքերէ խուսափինք», ըսաւ Փութին եւ անցեալ շուրջ մէկ տարուան լոյսին տակ ընդգծեց. «Ամենակարեւորն է, որ պայմաններ կը ստեղծուին ապագայ խաղաղ կեանքի համար»։

Գագաթաժողովէն վերջ Փութին տեղեկացուց, որ ղեկավարները համաձայնութիւն գոյացուցած են կարգ մը կէտերու շուրջ։ «Առաջինը՝ մինչեւ տարեվերջ ստեղծել սահմանազատման ու սահմանագծման դրութիւնները երկու պետութիւններու միջեւ։ Կը յուսամ, թէ այս բանը տեղի կ՚ունենայ հնարաւորինս շուտ, որեւէ խոչընդոտ չկայ։ Երկրորդ՝ շատ զգայուն հարց է, որ մարդասիրական խնդիրներու հետ կապուած է։ Այստեղ եւս յառաջ գացած ենք։ Եւ երրորդ՝ մենք բաւական մանրակրկիտ խօսած ենք տնտեսական հարցերու վերաբերեալ, տնտեսական կապերու զարգացման մասին եւ, առաջին հերթին, որպէս առաջին քայլ՝ խօսած ենք փոխադրական միջանցքներու ապաշրջափակման մասին։ Սա կը վերաբերի թէ՛ երկաթուղիին եւ թէ ցամաքուղիներու հաղորդակցութեան», ըսաւ Փութին։ Բաց աստի, ան յոյս յայտնեց, որ Սոչիի մէջ երէկ գոյացած համաձայնութիւնները մօտակայ ժամանակներուն դրական առումով կը զարգանան ու հնարաւորինս արագ կ՚իրականացուին։

Նիկոլ Փաշինեան Իլհամ Ալիեւի ներկայութեամբ յիշեցուց հայ ռազմագերիներու հարցը։ Ան տարակարծութիւն յայտնեց Ալիեւի արտայայտած ձեւակերպման հետ, ըստ որու հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան բոլոր կէտերը կատարուած են, բացառութեամբ տարածաշրջանի ապաշրջափակման։ Փաշինեան Փութինին ալ յիշեցուց, որ անձնական հանդիպումներու եւ հեռախօսազրոյցներու ընթացքին իրենք բազմիցս քննարկած են Պաքուէ ներս պահուող հայ ռազմագերիներու եւ միւս պատանդներու հարցը։ Վարչապետին բնորոշմամբ՝ սա շատ կարեւոր մարդասիրական հարց մըն է։ «Բայց ես կ՚ուզեմ ըսել, որ այսօր մենք հաւաքուած ենք ոչ միայն խնդիրները բարձրաձայնելու, այլեւ անոնց լուծումները քննարկելու համար։ Ես նոյնպէս բազմիցս յայտարարած եմ, որ Հայաստան պատրաստ է սկսելու սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացին։ Ապաշրջափակման եւ փոխադրութեան ու տնտեսական կապերու բացման նիւթը նոյնպէս շատ կարեւոր է մեզի համար եւ մենք անկեղծօրէն շահագրգռուած ենք համապատասխան հարցերը լուծելով», նշեց Փաշինեան։

Սոչիի բանակցութիւններուն ընթացքին Փաշինեան կանգ առաւ նաեւ հրատապ այլ խնդրի մը վրայ։ Ան դիտել տուաւ, որ 12 մայիս 2021 թուականէն ի վեր տագնապալի իրավիճակ ստեղծուած է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։ Արդարեւ, Ատրպէյճանի զօրքերը ներխուժած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը։ Ըստ Փաշինեանի, Ռուսաստանի խաղաղապահները թէեւ տարածաշրջանէ ներս իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ առանցքային դեր կը խաղան, սակայն իրավիճակը տակաւին ցանկալի մակարդակով կայուն չէ։ «Մեր գնահատականն է, որ Ատըր-պէյճանի զօրքերը ներխուժած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը։ Ի հարկէ, սահմանները սահմանազատուած ու սահմանագծուած չեն, բայց գոյութիւն ունի պետական սահման մը եւ այդ մէկը Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքն է», նշեց Փաշինեան եւ աւելցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակէն ներս։ Այս կէտին վրայ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ բազմաթիւ հարցեր կրնան ու պէտք է քըն-նարկուին եւ լուծուին եռակողմանի կամ երկկողմանի ձեւաչափերով։ «Արդէն կ՚ուրուագծուին նաեւ ուղիղ շփումներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտօնատար անձերուն միջեւ։ Ես կը կարծեմ, թէ ո՛չ այնքան լաւ եւ ոչ այնքան դրական նրբերանգներու լոյսին ներքեւ, նոյնպէս հարկաւոր է ընդգծել այդ նրբերանգները։ Գլխաւորը այն է, որ մենք այսօր կարողացանք, որքան հնարաւոր է, գալ յստակ լուծումներու տարածաշրջանի՝ Հարաւային Կովկասի մէջ իրադրութեան կայունացման ուղղութեամբ, որովհետեւ մարդոց խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնը եւ կայունութիւնը մեր պատասխանատուութիւնն է», ըսաւ ան։

Փաշինեան Սոչիի մէջ ընդգծեց, որ տարածաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու բացման խնդրին շուրջ ընդհանուր պատկերացում մը գոյութիւն ունի։ Ըստ իրեն, հանդիպումը եղած է շատ դրական եւ քննարկուած են օրակարգի բոլոր հարցերը։ Վարչապետը Սոչիի մէջ յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը Հայաստանի ժողովուրդէն լիազօրութիւն ստացած է՝ խաղաղ զարգացման դարաշրջան մը բանալու համար երկրին ու տարածաշրջանին առջեւ։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւն ալ ըսաւ. «Հայկական կողմէն նախադրեալներ կը տեսնենք տարածաշրջանէ ներս իրավիճակը աւելի կանխատեսելի դարձնելու համար։ Մեր հանդիպման լաւ արդիւնքները սպասցնել չեն տար եւ տարածաշրջանէ ներս իրավիճակը կ՚ըլլայ աւելի հանգիստ ու կանխատեսելի»։ Բաց աստի, Ալիեւ նշեց, որ Ատրպէյճան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու փոխադարձ վստահութեան մակարդակը կը նպաստէ լուծումներ գտնելու՝ Հայաստանի հետ ամենազգայուն հարցերու շուրջ։ «Բազմիցս ըսած եմ, որ մենք Ատրպէյճանի մէջ տրամադրուած ենք շրջելու Հայաստանի հետ բազմամեայ դիմակայութեան էջը, սկսելու բնականոն համագործակցութեան փուլը եւ կը կարծեմ, թէ այս ձեւաչափին մէջ մենք կը հասնինք մեր նպատակներուն», աւելցուց ան։ Սոչիի մէջ Ալիեւ ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Հրապարակաւ հայկական կողմին առաջարկած ենք սկսիլ աշխատանքը խաղաղութեան պայմանագրի վրայ, որպէսզի ճանաչենք իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը»։

Սահմանազատման ու սահմանագծման հարցին շուրջ Փութինն ալ նշեց, որ կողմերու խնդրանքով այդ բանը Մոսկուայի աջակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ։ Ըստ իրեն, ակնյայտ է, որ հարցը բարդ է։ Խնդիրը ժառանգուած է Խորհրդային Միութենէն, որու ժամանակ յստակ սահմաններ չեն եղած, բայց բոլոր հարցերուն շուրջ խօսելու հնարաւորութիւն կայ։

Հայաստանի ընդդիմադիր մամուլը երէկուան ժողովի լոյսին տակ կը գրէ, որ կառավարութիւնը Սիւնիքի պարագային կը պատրաստուի ցաւոտ զիջումներու եւ ներկայ իրավիճակը կը նշանակէ, որ Հայաստան առանձին կը թողու Արցախը։ Ըստ կարգ մը վերլուծաբաններու, Արցախի նիւթը վաճառուած է Պաքուին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021