ԳԱՀԻՐԷԻ «ԱՐԵՒ»Ը Կ՚ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ

Եգիպտահայ մամուլին մէջ կը շարունակուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած տագնապին վերաբերեալ ահազանգին արձագանգները։ Գահիրէի «Արեւ»ը, որ 106 տարիէ ի վեր կը հրատարակուի եւ հայ իրականութեան երիցագոյն լրատուամիջոցներէն մին է, 16 դեկտեմբերի համարով անդրադարձաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած անելին։ Զօրակցութեան տրամադրութիւններով՝ թերթը ամբողջ էջ մը յատկացուցած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տագնապին՝ արտատպելով մեր կողմէ տեղ տրուած զանազան արձագանգներ։

Այս դրական կեցուածքին համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Արեւ»ի խմբագրին՝ մեր սիրելի պաշտօնակից Սեւան Սեմէրճեանին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2021