ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԷՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որ վերջին օրերուն վիրահատութեան մը ենթարկուած էր, շաբաթավերջին դուրս եկած է հիւանդանոցէն։ Ան ներկայիս իր ապաքինման շրջանը կը բոլորէ իր բնակարանին մէջ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, բժիշկները կը դիտարկեն, որ դարմանման գործընթացը բնականոն հունով կ՚ընթանայ։ Անգամ մը եւս արագ անաքինում ու կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք Զեքիեան Գերապայծառին։ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2021