ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներու աշխարհի մէջ կը շարունակուին հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ ահազանգին արձագանգները։ Վերջին օրերուն թերթիս մատնուած կացութեան շուրջ մասնաւոր տեսանիւթ մը տեղ գտաւ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի կայքէջին վրայ։ Ծանօթ է, որ այս ռատիօկայանը միջազգային մեծ ցանց մըն է, որու կեդրոնը կը գտնուի Փրակի մէջ եւ որ կը գործէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի հովանաւորութեան ներքեւ։ Ռատիօկայանը ունի հայկական բաժանմունք մը, որ հայաշխարհի կարեւոր հաղորդակցութեան հարթակներէն մին է։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ահազանգին ընդառաջ վերջերս խմբագրատունս այցելեց այս ռատիօկայանի հայկական բաժանմունքի խմբագրութենէն Տաթեւիկ Սարգսեան, որ յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղեց թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանէն, որու հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, նաեւ այլ նկարահանումներ կատարեց։ Այդ այցելութեան զուգահեռ պատրաստուած տեսանիւթին մէջ յստակ շեշտուած է, որ ԺԱՄԱՆԱԿ ներկայիս օրհասական կացութիւն մը կը դիմագրաւէ։ Զօրակցութեան տրամադրութիւններով պատրաստուած այս նիւթին համար շնորհակալութիւն կը յայտնենք ինչպէս հեղինակին՝ Տաթեւիկ Սարգսեանին, այնպէս ալ «Ազատութիւն»ի հայկական բաժնի խմբագրութեան ղեկավար Հեղինէ Բունեադեանին։

Ստորեւ կը ներկայացնենք ռատիօկայանի արձագանգին սղագրութիւնը։

*

Իսթանպուլ հրատարակուող հայկական ամենահին օրաթերթը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ տխուր խմբագրականով մը նշեց իր 114-ամեակը: Թերթը կ՚ահազանգէ՝ նիւթական դժուարին կացութեան մէջ է եւ փակուելու վտանգին առջեւ կանգնած է: Վերջին մէկ տարին թերթին միջոցները երթալով կը պակսէին, վարչութիւնն ու խմբագրակազմը ամէն կերպ կը յետաձգէին տագնապին բարձրաձայնումը: Սակայն հիմա ստիպուած են օգնութեան դիմելու, վիճակը օրհասական է: Վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ խորացող տնտեսական ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ տպագիր մամուլի հանդէպ հետաքրքրութեան նուազումը բացասաբար անդրադարձած են թերթի գործունէութեան վրայ:

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հետ զրուցելու ընթացքին նշեց մէկ այլ կարեւոր հանգամանք. վերջին տասնամեակին Պոլսոյ հայ համայնքի խիստ պառակտումը: «Այս համավարակի շրջանին ստեղծուած տնտեսական դժուարութիւնները, նաեւ այս վերջին տարիներուն Թուրքիոյ տեղական արժոյթի եւ տարադրամի սակագիներու միջեւ եղած ահաւոր տատանումները տնտեսական ծանր բեռ յառաջացուցած են: Դուք գիտէք, որ մօտաւոր անցեալին 10-12 տարուան բաւական ցնցումային շրջան ունեցաւ թրքահայ համայնքը: Այս ցնցումներն ու ալեկոծումները ահաւոր բեւեռացումներ եւ պառակտումներ յառաջացուցած են մեր համայնքին մէջ: Այս իրավիճակին մէջ, հազար ափսոս, որոշ շրջանակներ սկսած են թիրախաւորել ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը», դիտել տուած է Արա Գօչունեան: 

Աւելի քան մէկ դար թրքահայութեան կեանքի կարեւոր դրուագները, Հայաստանի եւ Արցախի առանցքային զարգացումները լուսաբանող պարբերականի գործունէութեան ամենակարեւոր սկզբունքը անկախութիւնն է: Ըստ Գօչունեանի՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը ոչ մէկէն կախում ունի, եւ այս բարդ շրջանին օգնութիւն ակնկալելու ատեն կը ձգտի հաւատարիմ մնալ իր դաւանած սկզբունքներուն:

Գօչունեան մասնաւորապէս նշած է. «Սփիւռքի սակաւաթիւ անկախ լրատուամիջոցներէն մէկն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ը եւ այս պահուն, որ անդունդի եզրին հասած ըլլալու ահազանգ կը հնչեցնէ, արձագանգները արժեւորելու ատեն ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը կ՚ուզէ շեշտել, որ ինք բոլոր լուծումները կ՚որոնէ այն նպատակով, որ կը ձգտի գոյատեւելու՝ շարունակելով մնալ անկախ լրատուամիջոց»:

Գօչունեանի խօսքով՝ պարբերականի նիւթական միջոցները կը ձեւաւորուին բացառապէս Թուրքիոյ հայութեան միջոցներով եւ նոյն այդ եկամուտի նուազումը յանգեցուցած է նման ցաւալի իրավիճակի: Խմբագիրը յոյս յայտնած է, որ խնդիրները ժամանակաւոր են, իրենց ահազանգը լսելի կը դառնայ եւ հայութիւնը չի զրկուիր համազգային արժէք ներկայացնող ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթէն:

Թերթի ղեկավարութիւնը այս ճգնաժամէն դուրս գալու համար համակարգային լուծումներ կը փնտռէ, անոր առաջնային նպատակն է ապահովել թերթի առնուազն յառաջիկայ մէկ տարուան անխափան գործունէութիւնը: Կ՚ակնկալուի, որ հիմնական աջակցութիւնը ըլլայ տեղական համայնքային կառոյցներէն, բայց յոյսով են, որ աշխարհասփիւռ հայութիւնը անարձագանգ չի ձգեր թերթի զօրակցութեան կոչը:

«Կ՚ուզենք ապահովել թերթի յառաջիկայ մէկ տարուան պիւտճէն, շահիլ յառաջիկայ մէկ տարին եւ աւելի միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ որոնումներու շնորհիւ ինչ որ պիտի կարենանք ունենալ, խնայել եւ յառաջիկայ տարուան բնականոն տեսական եկամուտն ալ, որ հիմա չենք գիտեր՝ ինչքա՛ն պիտի ըլլայ, առանց ծախսելու դնել եւ գոյացնել այնպիսի միջոց մը, որով պիտի յաջողինք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ապագան կազմակերպել», մատնանշած է խմբագիրը: Ամենահամեստ հաշուարկներով, պարբերականի մէկ տարուան պիւտճէն՝ տարածքի վարձակալութեան, տպագրութեան եւ աշխատակազմի ծախսերը մօտաւորապէս 150 հազար տոլար կը կազմեն: Գօչունեանի կարծիքով՝ սա մէկ կողմէ մեծ գումար չէ եւ համախումբ ուժերով կարելի է հոգալ այս ծախսերն ու թերթը փրկել փակումի վտանգէն:

Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի արդէն 4-րդ սերունդի խմբագիր Արա Գօչունեանի համոզումով՝ թէեւ տպագիր մամուլը երթալով կը կորսնցնէ իր նշանակութիւնը, սակայն, անաչառ ու ճշգրիտ լրատուութիւնը միշտ ալ պահանջուած պիտի ըլլայ: Խմբագիրը յոյս ունի, թէ թերթը դեռ հարիւրամեակներ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2021