ԸԼԼԱԼ ՊԱՏՐԱՍՏ…

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի նախ­կին ռուս հա­մա­նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Քա­զի­մի­րով յայ­տա­րա­րեց, որ ան­կա­րե­լի է ո­րո­շել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տա­գի­րը ա­ռանց իր իսկ մաս­նակ­ցու­թեան։ Ռուս փոր­ձա­ռու դի­ւա­նա­գէ­տը «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան վեր­ջերս տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ մեկ­նա­բա­նեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի առ­կայ հար­ցե­րը, լուծ­ման հե­ռան­կար­նե­րը՝ մա­նա­ւանդ ան­ցեալ Ապ­րի­լին տե­ղի ու­նե­ցած քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի լոյ­սին տակ։ Ան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ Ռու­սաս­տա­նի միջ­նոր­դու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան ղե­կա­վարն է եւ Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը այս նիւ­թին շուրջ։

Քա­զի­մի­րո­վի խօս­քե­րով, 1996 թուա­կա­նի ամ­րան ինք թո­ղած էր ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը ու տա­կա­ւին յոյս ու­նէր, թէ յա­ռա­ջըն­թաց կ՚ըլ­լայ Լեռ­նա­յի Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ։ «Մէկ կող­մէ կը թուէր՝ որ նա­խորդ տա­րի­նե­րու կար­գա­ւոր­ման թա­փը կոր­սուած չէ, իսկ միւս կող­մէ յա­ռա­ջա­ցաւ Լիզ­պո­նի փա­կու­ղին», ը­սաւ ան։ Ծա­նօթ է, որ 1996 թուա­կա­նին ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ժա­մա­նակ Հա­յաս­տան պար­տա­ւո­րո­ւած էր օգ­տա­գոր­ծե­լու իր վե­թո­յի ի­րա­ւուն­քը՝ ա­ռան­ձին դի­մադ­րե­լով մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին դէմ։ Այդ փու­լէն վերջ ըստ Քա­զի­մի­րո­վի, նոր յոյ­սե­րու ծնունդ տուաւ՝ ԱՄՆ-ի, Ֆրան­սա­յի եւ Ռու­սաս­տա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ ձե­ւա­ւո­րուած նոր հա­մա­նա­խա­գա­հու­թիւ­նը։ Այդ ժա­մա­նակ քի­չեր կրնա­յին կան­խա­գու­շա­կել, որ հա­կա­մար­տու­թեան եր­կա­րա­ժամ­կէտ սա­ռե­ցում մը կ՚ըլ­լայ՝ լի բազ­մա­թիւ դէպ­քե­րով, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ դէպ­քերն ու բա­խում­նե­րը ար­դէն իսկ կան­խո­րոշուած էին, երբ Պա­քու հրա­ժա­րե­ցաւ իր զօր­քե­րը ետ քա­շել շփման գի­ծէն հրա­դա­դա­րի հաս­նե­լէ ան­մի­ջա­պէս վերջ։

Վլա­տի­միր Քա­զի­մի­րով մեկ­նա­բա­նեց այն դի­տար­կու­մը, թէ բա­ցի քա­ղա­քա­կան դէմ­քե­րէ, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կար­ծես ո­չինչ փո­խուած է ղա­րա­բա­ղեան հար­ցին մէջ։ Ա­ւե­լին՝ թատ­րեր­գու­թիւ­նը նոյ­նու­թեամբ կը կրկնուի. բան մը, որ պա­տա­հե­ցաւ Ապ­րի­լին։ Քա­զի­մի­րով այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ. «Կը կար­ծեմ՝ բա­ցի դէմ­քե­րէն, պար­բե­րա­բար մաս­նա­կիօ­րէն փո­փո­խու­թեան են­թար­կուած են միջ­նորդ­նե­րու մօ­տե­ցում­նե­րը կար­գա­ւոր­ման ա­ռան­ձին խնդիր­նե­րու լուծ­ման վե­րա­բե­րեալ։ Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, գրե­թէ ան­փո­փոխ մնա­ցած են հա­կա­մարտ կող­մե­րու կոշտ դիր­քո­րո­շում­նե­րը, կայ կա­ռու­ցո­ղա­կա­նու­թեան պա­կաս»։ 

Ռուս դի­ւա­նա­գէ­տը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ան­ցեալ Ապ­րի­լի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին։ Թէ ի՞նչ­քա­նով սպա­սե­լի էր ան եւ ի՞ն­չով պայ­մա­նա­ւո­րուած։ Ի պա­տաս­խան ան յայտ­նեց, որ Ապ­րի­լի ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը դժուար թէ սպա­սե­լի ըլ­լա­յին ի­րենց ծա­ւա­լով։ Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, այդ պա­տե­րազ­մը պայ­մա­նա­ւո­րուած էր Պա­քուի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ձգտու­մով՝ ա­մէն ձե­ւով ցոյց տա­լու հա­մար, թէ չեն հաշ­տուիր 1991-1994 թո­ւա­կա­նի պա­տե­րազ­մի ար­դիւնք­նե­րուն հետ։

Ապ­րի­լի պա­տե­րազ­մէն յե­տոյ կա­տա­րուե­ցան բազ­մա­թիւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, սա­կայն յստակ չնշուե­ցաւ նա­խա­յար­ձակ կող­մը։ Սա կա­րե­ւոր հան­գա­մանք մը չէ՞։ Քազի­­մի­րով ը­սաւ. «Նման ի­րա­վի­ճակ­նե­րու մէջ ար­դա­րա­ցուած չէ նոյ­նիսկ միջ­նորդ­նե­րու, պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու չէ­զոք մնա­լու ձգտու­մը, ա­ռա­ւել եւս մա­մու­լին ալ պա­րա­գա­յին։ Հա­զիւ թէ ոե­ւէ մէ­կը չի հասկ­նար, որ ինչ­պէս սկսաւ Ապ­րի­լի պա­տե­րազ­մը, նոյ­նիսկ ե­թէ չէր խօ­սեր այդ մա­սին»։

Հա­շուի առ­նե­լով, որ շատ կարճ ժա­մա­նակ մը հա­մե­մա­տա­բար հան­դարտ մնա­լէ վերջ Ատր­պէյ­ճան վեր­ջերս դար­ձեալ կ՚ըն­թա­նայ ի­րա­վի­ճա­կը սրե­լու ճա­նա­պար­հով՝ գոր­ծա­կա­լու­թեան թղթա­կի­ցը հարց տուած է, որ ի՞նչ ե­րաշ­խիք­ներ կա­րե­լի է ու­նե­նալ, թէ Ատր­պէյ­ճան վերս­տին պի­տի չսան­ձա­զեր­ծէ յար­ձա­կում մը եւս։ Ըստ Քա­զի­մի­րո­վի, այդ բա­նին պատ­րաստ պէտք է ըլ­լան թէ՛ լրագ­րող­նե­րը եւ թէ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը։

Միջ­նորդ­նե­րը բազ­միցս կրկնած են ու կը շա­րու­նա­կեն կրկնել, որ հար­ցի լու­ծու­մը քա­ղա­քա­կան է, ան պի­տի լու­ծուի խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով, սա­կայն ա­ւե­լի քան քսան տա­րիէ ի վեր ի­րա­վի­ճա­կը կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ հա­կա­ռա­կը։ Այս­քան տա­րիէ ի վեր Ատր­պէյ­ճա­նի դիր­քո­րո­շու­մը չէ փո­խուած։ Ի՞նչ կա­րե­լի է ը­սել այս մա­սին։ «Կը կար­ծեմ՝ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու դա­տո­ղու­թիւն­նե­րը այս ա­ռու­մով ճիշդ են։ Պա­քուի ան­յա­գուրդ ցան­կու­թիւ­նը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կորսն­ցու­ցա­ծը ետ բե­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ՝ ակն­յայ­տօ­րէն սխալ հա­շուարկ­նե­րու պատ­ճա­ռով, կրնայ յա­ռա­ջաց­նել միայն ո­րոշ չա­փով ցա­ւակ­ցանք կամ կա­րեկ­ցանք, սա­կայն ոչ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ըմբռ­նու­մը կամ հա­ւա­նու­թիւ­նը։ Ատր­պէյ­ճա­նի վեր­նա­խա­ւէն եր­կար ժա­մա­նակ կը պա­հան­ջուի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը հասկ­նա­լու հա­մար», պա­տաս­խա­նած է Վլա­տի­միր Քա­զի­մի­րով։ Ներ­կա­յիս չի բա­ցա­ռուիր, որ յա­ռա­ջի­կա­յին Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րը ու­նե­նան նոր հան­դի­պում մը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ նա­խորդ հան­դի­պում­նե­րը խնդրի լուծ­ման ա­ռանձ­նա­պէս ո­րե­ւէ նպաստ չեն բե­րած կող­մե­րէն մէ­կուն ոչ-շի­նիչ դիր­քո­րոշ­ման հե­տե­ւան­քով, ի՞նչ կա­րե­լի է ակն­կա­լել այժմ այս նոր հա­ւա­նա­կան հան­դի­պու­մէն։ Քա­զի­մի­րով հա­մո­զուած է, որ նման հան­դի­պում­նե­րը ա­ջակ­ցու­թեան ար­ժա­նի են, նոյ­նիսկ ե­թէ շատ քիչ բան կու տան գործ­նա­կա­նին մէջ։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին շուրջ բե­րե­լը կրնա՞ր ձե­ւով մը ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալ գոր­ծըն­թա­ցին վրայ։ Քա­զի­մի­րո­վի խօս­քե­րով, սա սկզբուն­քայ­նօ­րէն կա­րե­ւոր հարց մըն է, ինչ­պէս Ղա­րա­բա­ղի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը հրա­դա­դա­րի, նաեւ հրա­դա­դա­րի դրու­թեան ամ­րապնդ­ման ուղ­ղեալ հա­մա­ձայ­նագ­րի կնքման։ «Ան­կա­րե­լի է ո­րո­շել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տա­գի­րը ա­ռանց իր մաս­նակ­ցու­թեան, նոյ­նիսկ ե­թէ այս մաս­նակ­ցու­թիւ­նը չա­պա­հո­վէ ցան­կա­լի ար­դիւնք», ը­սաւ Քա­զի­մի­րով։

Հար­ցազ­րոյ­ցի վեր­ջա­ւո­րու­թեան հիմ­նախնդ­րի լուծ­ման վե­րա­բե­րեալ իր անձ­նա­կան դիր­քո­րո­շու­մը բա­ցատ­րե­լով Վլա­տի­միր Քա­զի­մի­րով ը­սաւ. «Հա­ւա­տա­րիմ կը մնան այն տե­սա­կէ­տին, որ նա­խան­շուած էր ԱՊՀ-ա­կան եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու խոր­հուր­դին կող­մէ 1994 թուա­կա­նի Ապ­րի­լի 15-ին՝ հրա­դա­դա­րէն ա­միս մը ա­ռաջ։ Այդ ժա­մա­նակ պե­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը՝ նե­րա­ռեալ Հայ­տար Ա­լիեւն ու Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեա­նը կողմ­նա­կից ե­ղան, որ պէտք է անց­նիլ ող­բեր­գա­կան առ­ճա­կատ­ման հե­տե­ւանք­նե­րու վե­րաց­ման ոչ թէ զի­նա­դա­դա­րէն, այլ միայն հրա­դա­դա­րի վստա­հե­լի ամ­րապն­դու­մէն յե­տոյ։ Իսկ ար­դեօք հի­մա այս բա­նը կա՞յ, ո՞ւր է ան։ Դէ­պի ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան լու­ծու­մը տա­նող ճա­նա­պար­հը հրա­դա­դա­րի վստա­հե­լի ամ­րապն­դումն է։ Ա­ռանց այս բա­նին հնա­րա­ւոր չէ յա­ռա­ջըն­թաց ու­նե­նալ լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ»։

Շաբաթ, Յունուար 28, 2017