ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ խնա­մա­կա­լու­թեան ծրագ­րի տա­րե­կան ճաշ­կե­րոյ­թը։ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, որ ձօ­նուած էր թե­մի հաս­տատ­ման 90-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։ Խնա­մա­կա­լու­թեան ծրագ­րի տա­րե­կան ճաշ­կե­րոյ­թը հան­դի­սա­ցաւ մեկ­նար­կը՝ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին նա­խա­տե­սուած ձեռ­նարկ­նե­րու եւ տօ­նախմ­բու­թիւն­նե­րու շար­քին։

Ըստ Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նին կող­մէ հրա­պա­րա­կուած մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թեան, ճաշ­կե­րոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­լի­վու­տի Ս. Յով­հան­նու Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ կից՝ հրա­պու­րիչ «Տաղ­լեան» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նին մէջ: Ա­ւե­լի քան եր­կու հա­րիւր հիւ­րեր՝ նե­րա­ռեալ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, բա­րե­րար­ներ, նուի­րա­տու­ներ եւ խնա­մա­կա­լու­թեան օ­ժան­դա­կող­ներ ներ­կայ գտնուե­ցան այս բա­ցա­ռիկ ձեռ­նար­կին:

Սքան­չե­լի կեր­պով պատ­րաստո­ւած յայ­տա­գրին բա­ցու­մը եւ բա­րի գալս­տեան խօս­քը կա­տա­րեց Սիլ­վա Քա­ջի­կեան: Հան­դի­սա­կան­նե­րը ու­րա­խու­թեամբ դի­տե­ցին Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Խնա­մա­կա­լու­թեան ծրագ­րի սե­պուհ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող տե­սաե­րի­զը: Օ­րուան գլխա­ւոր բա­նա­խօսն էր Սան Ֆրան­սիս­քո­յի Ս. Յով­հան­նէս ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ եւ Խնա­մա­կա­լու­թեան ծրագ­րի շնոր­հիւ հա­մալսա­րա­նէն շրջա­նա­ւարտ ե­ղած Տ. Մես­րոպ Քա­հա­նայ Աշ:

Իր սրտի խօս­քին մէջ Թե­մա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ի­րա­ւա­բան Ժո­զէֆ Կա­նի­մեան անդ­րա­դար­ձաւ Խնա­մա­կա­լու­թեան ծրագ­րի շնոր­հիւ ար­ձա­նագ­րուած բա­ցա­ռիկ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն, ո­րուն յատ­կա­ցու­ցած կրթա­թո­շա­կի մի­ջո­ցաւ խումբ մը ե­րի­տա­սարդ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ պատ­րաս­տուած էին թե­մէն ներս ծա­ռա­յու­թեան հա­մար: Կա­նի­մեան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեա­նի հո­վ-ւա­կան ղե­կա­վա­րու­թեամբ յա­ջո­ղած այս կեն­սա­կան ծրագ­րին, որ չէր կրնար յա­ջո­ղիլ ա­ռանց Խնա­մա­կա­լու­թեան ծրագ­րի ա­տե­նա­պետ Տքթ. Վահ­րամ Պի­րի­ճի­քի նուի­րեալ եւ յա­րա­տեւ ջան­քե­րուն՝ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ յանձ­նա­խում­բի անձ­նուէր ան­դամ­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան:

Ա­ւե­լի վերջ, ա­տե­նա­պետ Տքթ. Վահ­րամ Պի­րի­ճիք իր խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր ցու­ցա­բե­րած քա­ջա­լե­րու­թեան եւ տուած ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Ա­պա յատ­կա­պէս անդ­րա­դար­ձաւ Խնա­մա­կա­լու­թեան ծը-րագ­րի շնոր­հիւ քա­հա­նա­յու­թեան թեկ­նա­ծու սար­կա­ւագ­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան կո­չու­մին՝ ի­րենց կեան­քի նպա­տա­կը դարձ­նե­լու ծա­ռա­յել Աս­տու­ծոյ հօ­տին՝ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ս. Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին:

Հան­դի­սա­կան­նե­րը հո­գե­պէս մխի­թա­րուած եւ գո­հու­նակ սրտով բաժ­նուե­ցան «Տաղ­լեան» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նէն՝ մե­ծա­պէս գնա­հա­տե­լով Խնա­մա­կա­լու­թեան ծրագ­րին ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը:

Շաբաթ, Յունուար 28, 2017