«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿՐՆԱՅ ՄՐՑՈՒՆԱԿ ԸԼԼԱԼ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ»

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը։ Իտալիոյ Ազգային հետազօտական խորհուրդի դէպի Երեւան այցելութեան շրջանակներէն ներս կազմակերպուած էր այս գիտաժողովը, որու բացման Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։

Այս առթիւ Արմէն Սարգսեան նշեց, որ 21-րդ դարուն գիտութիւնը դարձած է այն շարժիչ ուժը, որ յառաջ կը տանի արդիւնաբերութեան յեղափոխութիւնը։ «Հայաստան կրնայ մրցունակ ըլլալ արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 28, 2019