ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՋԱԿՑԻԼ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը շարունակէ զօրակցիլ լիբանանահայ վարժարաններուն։ Ըստ նախընթաց օր հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան, հիմնարկը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն կը նուիրէ 700 համակարգչային սարք։ Հաստատութիւնը վերջերս որդեգրած է Լիբանանի հայ կրթական հաստատութիւններուն աջակցելու ռազմավարութիւն մը։ Այս ամբողջին մէջ վերջերս երկրի հայկական 17 դպրոցներուն տրամադրըւած է 650 պնակիտ (գրասալիկ, tablet) եւ 50 համակարգիչ։ Կիւլպէնկեան հիմնարկը հետեւողականօրէն կը համագործակցի Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններուն հետ։ Համակարգիչներու այս նուիրատուութիւնն ալ մաս կը կազմէ համապատասխան ծրագրերուն։ Հիմնարկը կ՚աջակցի նաեւ այլ զանազան նախաձեռնութիւններու, որոնք արեւմտահայերէնի աշխուժացման նպատակը կը հետապնդեն։
Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած՝ բազմաթիւ տնակալումները ամէնուրեք հեռավար ուսուցումը դարձուցած են կրթական գործունէութեան կարեւոր բաղադրիչը։ Այնուամենայնիւ, Լիբանանի մէջ դպրոցական տարիքի հազարաւոր աշակերտներ կը դժուարանան լիարժէք ձեւով հետեւելու առցանց դասաւանդութիւններուն՝ համապատասխան սարքաւորումներէ զուրկ ըլլալու պատճառով։ Երկրէն ներս առկայ տնտեսական տագնապին ու անկայունութեան վրայ անցեալ ամառ աւելցած Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը հայ համայնքին զգալի վնասներ եւ նիւթական կորուստներ պատճառեցին։ Ստեղծուած բարդ պայմաններուն հետեւանքով բազմաթիւ ընտանիքներ անհրաժեշտ սարքաւորումները ապահովելու ի վիճակի չեն իրենց դպրոցահասակ զաւակներուն համար։
Ինչպէս ծանօթ է, լիբանանահայութիւնը ծանր մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ։ Երկրի քաղաքական ու տնտեսական կեանքի զանազան գործօններով յառաջացած դժուարութիւնները գագաթնակէտին հասան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի ծանր ազդեցութիւնով։ Ուստի, Կիւլպէնկեանի օժանդակութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունին լիբանանահայ դպրոցներու ցանցի կայունութեան երաշխաւորման համար։