ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ

Հայաստանի Մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել երկրի սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներու կենսական իրաւունքներու ենթարկուած վտանգներուն դէմ։ Արման Թաթոյեան, որ վերջին օրերուն Սիւնիքի մարզը այցելելէ վերջ հրապարակած էր ծաւալուն տեղեկագիր մը, այժմ հանրային կարծիքի նկատառման զգայացունց տուեալներ յանձնած է՝ վերստին այցելած ըլլալով Գեղարքունիքի մարզը։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ըստ Թաթոյեանի, Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութենէն յետոյ անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուին նաեւ Գեղարքունիքի սահմանապահ գիւղերու բնակիչները։ Վտանգուած են անոնց սեփականութեան, տնտեսական գործունէութեան ու շարք մը այլ իրաւունքները։ Խօսքը, ըստ էութեան, կը վերաբերի Վարդենիսի տարածքաշրջանին՝ Սոթք, Կութ, Նորաբակ ու սահմանապահ միւս գիւղերու կացութեան։

«Այդ իրաւունքներու ապահովման բաղադրիչներու շարքին կարեւոր դեր ունին արօտավայրերը, ջրօգտագործման հնարաւորութիւնները գիւղացիներուն համար, նոյնիսկ նաեւ անտառներու, լեռներու օգտագործման հարցերը։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ սահմանային բնակիչներու համար՝ յատկապէս Գեղարքունիքի մարզի այդ հատուածներու, նաեւ Սիւնիքի մարզի, այդ բոլորը կենսական նշանակութիւն ունին։ Արդարեւ, այնտեղ մարդիկ սովոր են տարիներէ ի վեր զբաղիլ գիւղատնտեսութեամբ՝ յատկապէս անասնապահութեամբ», տեղեկացուց ան ու շեշտեց, որ մարդոց ապրուստի հիմնական միջոցն է գիւղատնտեսութիւնը։ Հետեւաբար, հիմա անոնք զրկուած են իրենց ընտանիքի ապրուստը հոգալու եկամուտի աղբիւրէն։ Կան նաեւ դէպքեր, երբ տնտեսական գործունէութեան իրաւունքները կ՚ոտնահարուին։

Պատմական տուեալներու մէջբերումով՝ Արման Թաթոյեան յայտնեց, որ բնակիչներու իրաւունքներու ոտնահարման պատճառն է, որ անոնք պետութեան ուշադրութեան կեդրոնին չեն գտնուիր։

Մարդու իրաւանց պաշտպանը հերթական անգամ շեշտեց, որ պատերազմէն վերջ Հայաստանի սահմանները կ՚որոշուին մեքանիք մեթոտներով՝ Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն ներքեւ։ Սա օրինական գործընթաց մը չէ։ Թաթոյեան ընդգծեց, որ իր արձանագրած խնդիրները հասցէագրուած են թէ՛ միջազգային համապատասխան ատեաններուն եւ թէ Հայաստանի կառավարութեան։

Միւս կողմէ, Հայաստանի ընդդիմադիր կարգ մը լրատուամիջոցներ վերջին օրերուն գրեցին, որ իշխանութիւնները լրջօրէն կ՚անհանգստանան Արման Թաթոյեանի կողմէ հետեւողականօրէն հրապարակուած տեղեկութիւններէն, սահմանազատման գործընթացի մէջ դրսեւորուած անկարողութեան ու տկարութեան վերաբերեալ ակնյայտ տուեալներուն բերումով։

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021