ՈՉ ԵՒՍ Է ՍԱՄՈՒԷԼ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Հայկական գիտական աշխարհը երէկ կրեց ծանր կորուստ մը։ Ոչ եւս է յայտնի յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան։ Ան 55 տարեկանին մահացած է՝ ետին թողլով վիթխարի աւանդ մը։ 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սամուէլ Կարապետեանի մահուան գոյժը ռումբի ազդեցութիւն գործեց հայկական գիտական աշխարհէն ներս՝ պատճառ դառնալով մեծ ցաւի։ Բօթը տարածուեցաւ կայծակնային արագութեամբ։ Իր կորուստին անդրադարձան թէ՛ անհատ գիտնականներ եւ թէ զանազան կազմակերպութիւններ։ Բոլորն ալ շեշտած են, որ սա շատ դառն կորուստ մըն է գիտութեան համար, հայազգի համար, մարդկութեան համար։

Սամուէլ Կարապետեան անուանի յուշարձանագէտ մըն էր, պատմաբան ու բանահաւաք։ Հայկական ճարտարապետական ժառանգութիւնը առարկայ էր իր անմիջական ուշադրութեան։ Գիտութեան ու մշակոյթին նուիրուած անհատականութիւն մըն էր ան, որու թողած ուսումնասիրութիւններու ժառանգութիւնը տակաւին պիտի կրթէ սերունդներ։

1961 թուականին ծնած էր Սամուէլ Կարապետեան։ 1975 թուականէն սկսեալ, Խորհրդային ժամանակաշրջանին, բնութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով ճամբորդած էր ամբողջ Հայաստանի տարածքով։ 1978 թուականէն սկսեալ իր ուղեւորութիւններու ծիրը ընդգրկած էր պատմական Հայաստանի տարածքը՝ հայկական յուշարձաններու լուսանկարումով, չափումով եւ նկարագրումով։ Աւելի քան երեք տասնամեակի ընթացքին ան հետազօտած ու ցուցակագրած էր հայկական ճարտարապետութեան հազարաւոր նմոյշներ։

Ուրբաթ, Փետրուար 28, 2020