ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՀԱՐԹԱԿ

Ե­րե­ւա­նի մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­նա­խըն­թաց ժո­ղով մը՝ Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵԱՏՄ) ծի­րէն ներ­ս։ Այս­պէս, հայ­կա­կան կող­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ տե­ղե­կա­տու­ա­կան, կա­պի եւ հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կի­րառ­­ման եւ ընդ­հան­րա­պէս տե­ղե­կա­տուու­թեան բնա­գա­ւա­ռի վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու շուրջ նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով խորհր­դակ­ցու­թիւն մը։ Այս ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան ԵԱՏՄ-ի ան­­դամ պե­տու­թիւն­նե­րու պատուի­րա­կու­թիւն­նե­րը՝ կա­պի եւ հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան նա­խա­րար­նե­րու գլխա­ւո­րու­թեամբ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս խորհրդակ­ցու­թեան ծի­րէն ներս ա­ռա­ջին ան­գամ նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով քննար­կուե­ցան տե­ղե­կա­տուա­կան-հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տին վե­րա­բե­րեալ ար­դի խնդիր­ներ։ Ժո­ղո­վա­կան­նե­րը աշ­խա­տանք տա­րին այս ո­լորտ­նե­րէն ներս հա­մա­ձայ­նե­ցուած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը որ­դեգ­րե­լու եւ զայն ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար լիա­զօ­րուած մար­մին մը ստեղ­ծե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Օ­րա­կար­գի ա­ռանց­քա­յին նիւ­թե­րու շար­քին էր մին­չեւ 2025 թուա­կա­նը նա­խա­տե­սուած ԵԱՏՄ-ի հա­մար­կուած տե­ղե­կա­տուա­կան հա­մա­կար­գի զար­գաց­ման ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը։ Խորհր­դակ­ցա­կան աշ­խա­տանք­ներ ծա­ւա­լուե­ցան նաեւ ԵԱՏՄ-ի թուա­յին տա­րա­ծու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ ա­ռա­ջարկ­նե­րու շուրջ։

Ժո­ղով­նե­րուն տան­տէրն էր Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րու­թեան-կա­պի եւ տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­րար Վա­հան Մար­տի­րո­սեան։ Այս վեր­ջի­նը ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ ալ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւան մեկ­նած իր պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն հետ։ Այս­պէս, Վա­հան Մար­տի­րո­սեան հիւ­րըն­կա­լեց նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Կա­պի ու զան­գուա­ծա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան նա­խա­րար Նի­քո­լայ Նի­քի­ֆո­րո­վը, որ եւս մաս­նակ­ցե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րուն։

Ժո­ղո­վա­կան նա­խա­րար­նե­րը Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Այս առ­թիւ ԵԱՏՄ-ի յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ (նա­խա­րար) Կա­րի­նէ Մի­նա­սեան նշեց, որ ժո­ղո­վա­կան­նե­րը պայ­մա­նա­ւո­րուած են ի­րա­կա­նաց­նել պար­բե­րա­կան հան­դի­պում­ներ եւ բաժ­նել տե­սա­կէտ­ներ։ Ըստ ի­րեն, պի­տի մշա­կուին փաս­տա­թուղ­թեր՝ ԵԱՏՄ-է ներս հա­ղոր­դակ­ցու­թեան եւ տե­ղե­կա­տուու­թեան գետ­նի վրայ հա­մա­ձայ­նե­ցուած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու վե­րա­բե­րեալ։

Միւս կող­մէ, Ե­րե­ւա­նի ժո­ղո­վին մաս­նա­կից նա­խա­րար­նե­րը ըն­դու­նուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017