ԺԱՄԱՆԱԿՆ Է ԲԱՆԱԿՑԵԼՈՒ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Սթե­ֆան Վիզ­քոն­թի (Ֆրան­սա), Ռի­չըրտ Հակ­լընտ (Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), ինչ­պէս նաեւ շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցան Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Հա­յաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Միջ­նորդ­նե­րը նախ տե­սակ­ցե­ցած Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դո­ւարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ, ա­ւե­լի վերջ ալ ըն­դու­նուե­ցան Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Ըն­թաց­քին, Ռի­չըրտ Հակ­լընտ սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Հարկ է նշել, որ միջ­նորդ­նե­րու հա­մա­տեղ շփում­նե­րուն ըն­դա­ռաջ, ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հը ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­րե­ւա­նի մէջ ա­ռան­ձին հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցած էր Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նին հետ։ Քննար­կուած էին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու նպա­տա­կով պայ­ման­նե­րու ա­պա­հով­ման ուղ­ղու­թեամբ նա­խա­տե­սուած քայ­լե­րը։ Հարկ է յի­շեց­նել, որ ներ­կայ ամ­սուան ա­ռա­ջին կէ­սին միջ­նորդ­նե­րը այ­ցե­լած էին Պա­քու, ուր հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած էին Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։ Ա­նոնց Ե­րե­ւա­նի ներ­կայ շփում­նե­րը այդ ու­ղե­ւո­րու­թեան ամ­բող­ջին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նան։ Նա­խա­պէս հա­ղոր­դուած էր, որ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը այս փու­լին կ՚այ­ցե­լեն նաեւ Ար­ցախ։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ նա­խա­տե­սուած են ի­րենց հան­դի­պում­նե­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։ Միջ­նորդ­նե­րու Ե­րե­ւան այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ շփում­ներ ու­նե­ցան հա­մա­նա­խա­գահ ե­րեք եր­կիր­նե­րէն եր­կու­քի մայ­րա­քա­ղաք­նե­րուն՝ Մոս­կուա­յի եւ Փա­րի­զի մէջ։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, միջ­նորդ­նե­րը Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հետ ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցու­ցին Պա­քուի մէջ ի­րենց ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րը։ Քննար­կուե­ցան ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը յա­ռաջ մղե­լու ուղ­ղեալ քայ­լե­րը։ Շեշ­տուե­ցաւ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն առ­նուած ո­րո­շում­նե­րուն ի­րա­կա­նաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

Ե­րէ­կուան մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Ռի­չըրտ Հակ­լընտ ը­սաւ. «Բո­լո­րը գի­տեն, որ բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նին վրայ դրուած են Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ծրագ­րեր։ Բա­ւա­կան խե­լա­միտ ա­ռա­ջարկ­ներ են, ա­նոնք վերջ­նա­կան տար­բե­րակ չեն, բայց այդ ծրագ­րե­րը կը նշա­նա­կեն, որ ժա­մա­նակն է բա­նակ­ցե­լու։ Պէտք է քա­ղա­քա­կան կամք ըլ­լայ եր­կու կող­մե­րու բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վար­նե­րէն՝ բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նի շուրջ վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար, որ­պէս­զի աշ­խա­տանք տա­րուի եւ հիմ­նախն­դի­րը ու­նե­նայ խա­ղաղ կար­գա­ւո­րում»։­

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Հակ­լընտ ա­ւել­ցուց, թէ ը­սած­նե­րը կ՚են­թադ­րեն դժուար գոր­ծըն­թաց մը, սա­կայն կող­մե­րը պէտք է հասկ­նան, որ ժա­մա­նա­կը ե­կած է բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նի շուրջ վե­րա­դառ­նա­լու։

Ռի­չըրտ Հակ­լընտ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու ան­հաս­ցէ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք հայ­կա­կան կող­մի քննա­դա­տու­թիւն­նե­րուն պատ­ճառ կը դառ­նան։ Իր խօս­քե­րով ան հա­ւաս­տիա­ցուց, որ ի­րենք իս­կա­պէս գի­տեն, թէ ինչ կը կա­տա­րուի, ինչ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ։ Ան շա­րու­նա­կեց. «Բայց քա­նի որ մի­ջազ­գա­յին միջ­նորդ­ներ ենք, պէտք է քիչ մը հե­ռա­ւո­րու­թիւն պա­հենք։ Մենք պէտք չէ վի­րա­ւո­րենք ո­րե­ւէ կողմ, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ այդ­պէս ըլ­լայ, ա­պա քննար­կում­նե­րու, միջ­նոր­դու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կը փա­կուի։ Մենք ի­րա­ւունք չու­նինք դռնե­րը փա­կե­լու, մենք պար­տա­ւոր ենք այդ դռնե­րը բաց թո­ղե­լու։ Մենք միշտ կը նշենք, թէ ո՛ր խնդիր­նե­րը պէտք է ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­նան, բայց քիչ մը զգոյշ պէտք է ըլ­լանք հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ խօ­սե­լու ժա­մա­նակ, նոյ­նիսկ ե­թէ փակ դռնե­րու ե­տե­ւէն գի­տենք, թէ ինչ կը կա­տա­րուի»։

Ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը կարգ մը ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ալ փո­խան­ցեց հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ծրագ­րին շուրջ։ Ըստ ի­րեն, ներ­կա­յիս կը քննար­կուի ծրա­գիր մը, որ բաղ­կա­ցած է ե­րեք մա­սէ։ «Մենք եւ մեր քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վար­նե­րը կը փոր­ձենք գտնել մի­ջա­վայր մը, ուր կրնան տե­ղի ու­նե­նալ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան այդ կող­մե­րու ղե­կա­վար­նե­րու հան­դի­պում­նե­րը», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս պա­հուն կայ գոր­ծըն­թաց մը, ինչ որ գաղտ­նիք չէ։ Ան յոյս յայտ­նեց, թէ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին եր­կու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը հան­դի­պում մը կ՚ու­նե­նան՝ պատ­րաս­տե­լու հա­մար նա­խա­գահ­նե­րու մա­կար­դա­կին վրայ հան­դի­պում մը։ Նա­խա­րար­նե­րու այդ հան­դի­պու­մը ա­միս մը վերջ պի­տի չըլ­լայ։ Ներ­կա­յիս ըն­թաց­քի մէջ են դի­ւա­նա­գի­տա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րը։ Ըստ Հակ­լըն­տի, ի­րենց գործն է խօ­սիլ բո­լոր խա­ղա­ցող­նե­րուն հետ։ «Վա­ղը (այ­սօր) մենք կ՚ուղ­ղուինք Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ, պի­տի հան­դի­պինք Ստե­փա­նա­կեր­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ։ Կը փա­փա­քինք վստահ ըլ­լալ, որ բո­լո­րը գի­տեն, թէ ո­րոնք են լուծ­ման տար­բե­րակ­նե­րը։ Ժա­մա­նակն է բա­նակ­ցու­թեան։ Մենք չենք կրնար բռնու­թիւն­նե­րը որ­պէս լու­ծում դի­տար­կել այս խնդրին հա­մար, որ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը շա­րու­նա­կուի։ Բռնու­թիւ­նը պա­տաս­խան չէ։ Բռնու­թիւ­նը կը կոր­ծա­նէ ըն­տա­նիք­նե­րը, բռնու­թիւ­նը հա­րուած կը հասց­նէ տնտե­սու­թեան։ Մենք պէտք է փոր­ձենք գտնել ա­մե­նադ­րա­կան լու­ծում­նե­րը», ը­սաւ Ռի­չըրտ Հակ­լընտ։

Լրագ­րո­ղի մը հարց­ման պա­տաս­խա­նե­լով ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հը ը­սաւ, թէ ներ­կա­յիս սե­ղա­նի վրայ կը գտնուի շատ ընդգր­կուն ծրա­գիր մը։ «Կայ ծրա­գիր, որ կը քննար­կուի, ան ե­րեք մա­սէ բաղ­կա­ցած է։ Տե­ղին չէ, որ ես ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ներ­կա­յաց­նեմ այդ մա­սին։ Եր­կու կող­մե­րը, ո­րոնք ա­նոր շուրջ կը բա­նակ­ցին, պէտք է ա­ռան­ձին հար­ցե­րու շուրջ տա­կա­ւին աշ­խա­տին։ Եւ դի­ւա­նա­գի­տու­թեան մէջ, ինչ­պէս թղթա­խա­ղի ժա­մա­նակ, չես կրնար բո­լոր խա­ղա­քար­տե­րը սե­ղա­նին վրայ դնել։ Հա­ւա­նա­կան է ծրագ­րի մէկ մա­սը փո­փո­խու­թիւն կրէ, այդ իսկ պատ­ճա­ռով մենք չենք խօ­սիր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու մա­սին», մատ­նան­շեց Ռի­չըրտ Հակ­լընտ։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017