ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՄՈՍԿՈՒԱ

Վա­ղը Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը պի­տի տայ Մոս­կուա, ուր պի­տի տե­սակ­ցի Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի ճգնա­ժա­մա­յին կա­ցու­թիւ­նը թէեւ յաղ­թա­հա­րուած է, սա­կայն ա­նոնց օ­րա­կար­գը միշտ կը մնայ ծան­րա­բեռ­նուած։

Սու­րիոյ տագ­նա­պին շրջագ­ծով բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ա­ռաջ­նա­հերթ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ են եր­կու մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մօտ ու բնա­կա­նա­բար պի­տի զբա­ղեց­նեն Չա­վու­շօղ­լու-Լաւ­րով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գը։ Ան­գա­րա վեր­ջին շրջա­նին կ՚ան­հանգս­տա­նայ Սու­րիա­յէ ներս Մոս­կուա­յի կող­մէ ՓԵՏ-ին ըն­ծա­յուած նե­ցու­կով։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղանն ալ վեր­ջին օ­րե­րուն այս նիւ­թին շուրջ բարձ­րա­ձայ­նած էր թրքա­կան կող­մին ան­հանգս­տու­թիւ­նը՝ հաս­ցէագ­րուած թէ՛ Մոս­կուա­յի եւ թէ Ո­ւա­շինկ­թը­նի։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2017