ԱՍԵԼՊՈՌՆԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Լիւքսեմպուրկի Արտաքին ու Եւրոպայի գործոց նախարար Ժան Ասելպոռն երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի կողմէ։ Երկու նախարարները սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Օրուան տեւողութեան Ասելպոռն տեսակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ընտրեալ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ։ Այս այցելութեան առթիւ Երեւանի մէջ կատարուեցաւ Լիւքսեմպուրկի հիւպատոսութեան բացումը։

Ասելպոռն Երեւանի բոլոր շփումներուն ընթացքին արտայայտեց Լիւքսեմպուրկի պատրաստակամութիւնը՝ Հայաստանի հետ համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ։ Երեւանի մէջ հաստատուած Լիւքսեմպուրկի հիւպատոսարանն ալ պիտի ծառայէ այս նպատակին։ Նոյն նպատակին համար կը նախատեսուի կազմակերպել գործարարներու համաժողով մը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ասելպոռն ուրախութիւն յայտնեց Եւրոմիութեան հետ Հայաստանի համագործակցութեան յատուկ ձեւաչափի գոյութեան համար։ Երեւանի մէջ Ասելպոռն ընդգծեց նաեւ, որ ճիշդ ճանապարհով ընթանալու պարագային Հայաստան պիտի յաջողի հասնիլ Եւրոմիութեան հետ մուտքի արտօնութեան ազատականացման։ Իր պաշտօնակցին հետ վարած բանակցութիւններուն ընթացքին Եդուարդ Նալպանտեան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Ան համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ալ յայտնեց, որ Ատրպէյճանը պէտք է վերադարձնել շինիչ դաշտ։ Ասելպոռնն ալ յայտնեց, որ Լիւքսեմպուրկն ու ամբողջ Եւրոմիութիւնը կը սատարեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութիւններուն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 28, 2018