ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութենէն ներս, Ֆրանսախօսութեան մշտական խորհուրդի քաղաքական յանձնաժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ընտրութիւնը կատարուած է միաձայնութեամբ։ Քրիստիան Տէր-Ստեփանեան կազմակերպութենէն ներս Հայաստանի վարչապետի յատուկ ներկայացուցիչն է։

Քաղաքական յանձնաժողովը Ֆրանսախօսութեան մշտական խորհուրդի կարեւորագոյն յանձնաժողովն է, կ՚ուսումնասիրէ ֆրանսախօս տարածքէ ներս քաղաքական իրավիճակը։  

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2019