ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐ

«Այ. Թի. Պի. Պերլին» միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսին այս տարի հայաստանեան միասնական տաղաւարին մէջ երկրի զբօսաշրջութեան գրաւչութիւնը ներկայացուցած են այդ ոլորտին մաս կազմող 14 ընկերութիւններ. ներկայացուած առաջարկներուն մէջ կան նաեւ շարք մը ծրարներ դրացի Վրաստանի հետ:

Երկիրը աւելի շատ ծանօթացնելու նպատակով, ցուցահանդէսի ծիրին մէջ, նախնական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուեցան նաեւ զբօսաշրջութեան գործարարութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներու, քաղաքական գործիչներու, գործարարներու, միջազգային էջատէրերու հետ, որոնք ծանօթացան հայկական զբօսաշրջութեան հնարաւորութիւններուն եւ երկրի հարուստ մշակութային ժառանգութեան: Հայկական տաղաւարին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ազգային ուտելիքներու եւ հայկական գինիի ու քոնիաքի համտեսում: Ցուցահանդէսին Հայաստան մասնակցեցաւ զանազան  ձեռնարկներու:

«Արմէնփրես»ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնարկի շուկայի պատասխանատու Ալիք Սարգսեան:

««Այ. Թի. Պի. Պերլին» միջազգային զբօսաշրջութեան ցուցահանդէսը մասնակցողներու թիւով աշխարհի ամենամեծն է: Լաւագոյն հանգստավայրերը եւ զբօսաշրջութեան ծրարները ներկայացնելու համար ամէն տարի շուրջ 190 երկիրներ եւ զբօսաշրջութեան հարիւրաւոր ընկերութիւններ կը մասնակցին: Անոր հիմնական նպատակն է՝ տարբեր երկիրներու զբօսաշրջութեան ուղղութիւնները եւ կարողութիւնները ներկայացնել զբօսաշրջութեան եւ գործնական ճանապարհորդութիւններու համար:

«Հայաստանը արդէն տարիներէ ի վեր կը մասնակցի այս ցուցահանդէսին: Այս տարի մեր երկիրը հանդէս եկաւ աննախադէպ տաղաւարով. անիկա կը ներառէր 3 տի. պատկերներ: Անիկա մեծ հետաքրքրութեան արժանացաւ այցելուներուն կողմէ՝ գրաւելով նաեւ միջազգային մամուլին ուշադրութիւնը: Ցուցահանդէսին այս տարի կը մասնակցէին հայկական զբօսաշրջութեան շուրջ 14 ընկերութիւններ՝ Հայաստանի միասնական տաղաւարով», յայտնեց Սարգսեան:

Միջազգային զբօսաշրջութեան տաղաւարին մէջ հայկական ընկերութիւնները ներկայացուցին արկածախնդրական զբօսաշրջութեան, գինիի զբօսաշրջութեան,  բնապահպանական զբօսաշրջութեան եւ այլ հնարաւորութիւններ: Ըստ Սարգսեանի, հայաստանեան զբօսաշրջութեան ընկերութիւնները հանդիպումներու եւ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք՝ նախնական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերին:

Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2019