ԱՂԷՏԷՆ ՎԵՐՋ ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԴԷՊԻ ՍՈՒՐԻԱ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ վերջին երկրաշարժին հետեւանքով իրենց մերձաւորները կամ բնակարանները կորսնցուցած շուրջ 60 հազար սուրիացի կամաւոր ըլլալով վերադարձած է իր երկիրը։

Երէկ, նախարար Հուլուսի Աքար Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ ունեցաւ շփումներ՝ ընկերակցութեամբ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Եաշար Կիւլէրի։ Նախարարն ու բարձրաստիճան հրամանատարը սահման այցելելով տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ քաղեցին ընդհանուր կացութեան եւ օր ու ցերեկ յառաջ տարուած հերթապահութեան մասին։ Սահմանապահ զօրքէն ներս կատարած քննարկումներէն վերջ Հուլուսի Աքար հանդէս եկաւ արժեւորումով մը։

Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Հուլուսի Աքար շեշտեց, որ բացարձակապէս ճշմարտութիւնը չեն ցոլացներ այն պնդումները, ըստ որոնց Թուրքիա-Սուրիա սահմանէն ապօրինի անցքեր կը կատարուին։ Արդարեւ, Թուրքիոյ սահմանները 7 օր, 24 ժամ ամենաարդի փորձագիտական արտադրութիւններով կը վերահսկուի։ Ամբողջ հանրապետական շրջանի ամենախտացեալ նախազգուշական միջոցները ձեռք առնուած են երկրի բոլոր սահմաններուն վրայ։

Նախարարը, միեւնոյն ժամանակ, լրագրողներուն դիտել տուաւ, որ երկրաշարժի աղէտէն վերջ եւս ատեն-ատեն քաղաքական նկրտումներով ապատեղեկատուութիւնները եւ վէճեր հրահրելու ուղղեալ պնդումները շարունակուած են։ Ան յայտնեց, որ սա ծայր աստիճանի սխալ վարուելակերպ մըն է։ Երէկուան իր շփումներն ալ եկած են հերթական անգամ վերահաստատել, թէ այդ բոլորը ճշմարտութիւնը չեն ցոլացներ։

Հուլուսի Աքար շեշտեց, որ երկրաշարժէն վերջ իրենց բնակարանները կամ մերձաւորները կորսնցուցած շուրջ 60 հազար սուրիացի կամաւոր ձեւով վերադարձած է իր երկիրը։ «Բացարձակապէս չենք թոյլատրեր, որ սահմաններէն որեւէ ձեւով ապօրինի անցումներ տեղի ունենան», յայտարարեց նախարարը։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023