ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻ ԲՆԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՒԵԼԱԳՈՅՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻՆ ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻ 2050 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ

Երկրագունդի բնակչութիւնը առաւելագոյն մակարդակին պիտի հասնի 2050 թուականին։ Այսպէս, երկրագունդի բնակչութիւնը մինչեւ 2050 թուականը կրնայ հասնիլ 8.6 միլիառի սահմանին, իսկ մինչեւ 2100 թուականը նուազիլ՝ հասնելով 7 միլիառի, եթէ պահպանուին զարգացման ներկայ միտումները:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս մասին հաղորդած է «New Scientist» բրիտանական ամսագիրը։ Լրատուամիջոցը կը նշէ «Հռոմի ակումբ» միջազգային հասարակական կազմակերպութեան կողմէ մշակուած «Earth4All» նախաձեռնութիւնը, ընդ որուն, մինչեւ 2100 թուականը բնակչութեան կանխատեսուած թիւը 2-3 միլիառով պակաս է՝ քան միւս կանխատեսումները: Ըստ փորձագէտներու՝ եթէ ներդրումներ կատարուին աղքատութեան եւ անհաւասարութեան նուազեցման գործին, ապա 2040 թուականին մոլորակի բնակչութեան թիւը պիտի հասնի 8.5 միլիառի շեմին, իսկ դարավերջին պիտի նուազի՝ հասնելով 6 միլիառի սահմանին։

«Նոյնիսկ եթէ թիւերը այնքան ալ սարսափելի չըլլան, որքան աւելի առաջուան կանխատեսումները, ապա սա չի նշանակեր, թէ մենք խնդիրներ չունինք», ըսած է «Earth4All» զեկոյցի հեղինակներէն Պենիամինօ Քալեկարի։

«Մենք գիտենք, որ ցած եկամուտով երկիրներու մէջ արագ տնտեսական զարգացումը հսկայական ազդեցութիւն ունի ծնելիութեան մակարդակին վրայ», յայտարարած է «Earth4All» նախագիծի ղեկավար Փեր Էսփեն Ստոքնես: «Սա կը նուազի, երբ իգական սեռը ունի կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն, իսկ կանայք կը ստանան տնտեսական աջակցութիւն եւ ունին աւելի լաւ բուժսպասարկման հնարաւորութիւն», աւելցուց ան: 2022 թուականի ամրան ՄԱԿ հրապարակած էր իր հաշուէտուութիւնը, ըստ որուն մոլորակի բնակչութիւնը 10.4 միլիառի առաւելակէտին կը հասնի մինչեւ 2080 թուականը։ 2022 թուականի նոյեմբերին, ՄԱԿ-ի տուեալներով, երկրագունդի բնակչութիւնը հատած է 8 միլիառի շեմը։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023