ԿԱԹՈՒԱԾԱՀԱՐ ՎԻՃԱԿ

Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ կատարուած ոտնձգութիւնները կը շարունակեն մտահոգութեան առարկայ դառնալ՝ մինչ արդէն աւելի քան 100 օրէ ի վեր փակ կը մնայ նաեւ Լաչինի միջանցքը։ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիի սահմանները Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ հերթական անգամ խախտուեցան շաբաթավերջին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի զօրքերը արդէն Ստեփանակերտ-Լիսակոր ճանապարհը ամբողջութեամբ կը դիտարկեն բարձունքներէն եւ որեւէ տեղաշարժ կարելի չէ իրականացնել։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը անմիջապէս հանդէս եկաւ արձագանգով մը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պետական քարտուղարութեան բանբերի տեղակալը՝ Վետանթ Փաթել հաղորդեց, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Տոնֆրիտ Պայրամովի նկատառման յանձնած է Ատրպէյճանի զինուորականներու տեղաշարժին բերումով ամերիկեան կողմի մտահոգութիւնները։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով յառաջացած տագնապալի իրավիճակին։ Կարծիքներ փոխանակուեցան Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, խաղաղութեան պայմանագրին, տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու վերաբացման հարցերուն շուրջ։ Փաշինեան մտահոգութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի՝ վերջին շրջանին աճող ակրեսիւ հռետորաբանութեան եւ սադրիչ գործելակերպին առընչութեամբ։ Այդ բոլորը կը խոչընդոտեն կայունութեան ու խաղաղութեան միտուած ջանքերը։ Իր կարգին, Շարլ Միշել վերահաստատեց Եւրոմիութեան պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու տարածաշրջանէն ներս երկխօսութեան ու խաղաղութեան։

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն արձագանգեց նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի նախընթաց օրուան յայտարարութիւններուն, որոնք Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ քաղաքական կամք կը ցոլացնէին։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել յայտնեց, որ Ուաշինկթըն աշխուժօրէն ներգրաւուած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան քննարկումները դիւրացնելու գործին։ Իր խօսքով՝ ԱՄՆ բարձր կը գնահատէ՝ Հայաստանի վարչապետի կայուն խաղաղութեան հասնելու ուղղեալ պատգամը։ «Մենք ոգեւորուած ենք Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան ուղղութեամբ ձեռք բերուած յառաջընթացով, շատ բարձր կը գնահատենք Նիկոլ Փաշինեանի պատգամը այդ յառաջընթացին վերաբերեալ», ըսաւ Փաթել։

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի վերջին նիստին ժամանակ անդրադարձաւ խաղաղութեան գործընթացի այժմու փուլին վերաբերեալ մանրամասնութիւններու։ Այսպէս, խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու ընթացքին։ Իր խօսքով՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին շուրջ փոխանակուած տարբերակներով թէեւ ոչ-իտէալական, բայց փոխադարձ ընդունելի որոշ ձեւակերպումներ գտնել հնարաւոր եղած է, սակայն առաջին աստիճանի կարեւորութեամբ հարցերը տակաւին քննարկումներու փուլի մէջ կը գտնուին։

Արարատ Միրզոյեան երեսփոխաններուն տեղեկացուց, որ մինչեւ այս պահը Ատրպէյճանէն չորս փաստաթուղթ ստացուած է եւ Հայաստանն ալ առայժմ երեք փաստաթուղթ ուղարկած է։ Հայկական կողմը վերջին փաստաթուղթը ստանալէ վերջ տակաւին չէ ձեւակերպած իր արձագանգը։

«Բազմաթիւ հարցերու շուրջ ոչ-իտէալական, բայց փոխադարձ ընդունելի ձեւակերպումներ գտնել յաջողած ենք։ Ընդ որում, ես նոյնիսկ չէի չափեր, թէ Ատրպէյճանի առաջարկով կամ Հայաստանի առաջարկով քանի բան ընդունուած է։ Այսինքն՝ քննարկումներ, կարծիքի փոխանակումներ եղած են, ինչ-որ փոխզիջումային թեքստեր ձեւակերպուած են։ Դժբախտաբար, սա կը վերաբերի ոչ-առանցքային հարցերուն։ Առաջին կարեւորութեան հարցերուն չի վերաբերիր։ Բոլոր առաջին կարեւորութեան հարցերը տակաւին քննարկումներու փուլին մէջ կը գտնուին։ Անոնց հիմնական մասին կապակցութեամբ չեմ վարանիր ըսել, որ կողմերու դիրքորոշումները տակաւին բաւական հեռու են իրարմէ», ըսաւ նախարարը, յամենայնդէպս վերահաստատելով, որ բազմաթիւ այլ հարցերու մէջ, այլ նախաձեռնութիւններու, միտքերու կապակցութեամբ հնարաւոր եղած է հասնիլ փոխադարձ զիջումներու։ Հայաստան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու մասին մանրամասնօրէն տեղեկութիւններ կը փոխանցէ՝ մասնաւորապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երեք երկիրներուն։

Բաց աստի, հաւաքոյթի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ Չինաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացումն ալ Հայաստանի տեսակէտէ չափազանց կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ «Գիտէք, որ Չինաստան հետաքրքրուած է նաեւ աշխարհի տարբեր անկիւններէն ներս եւ յատկապէս՝ մեր տարածաշրջանէն ներս լոժիստիք ուղիներու, ենթակառուցուածքներու, ներառեալ «Միջին միջանցք»ի զարգացմամբ։ Մենք եւս հետաքրքրուած ենք լոժիստիք առումով այդպիսի ծրագրերու մաս կազմելով», եզրափակեց նախարարը։

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023