«ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ԴԱՐ…»

Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը այսօր մեծ շուքով կը նշուի համայն հայութեան կողմէ։ Տօնակատարութիւններու գլխաւոր հասցէն անշուշտ Հայաստանն է։ Այս առաւօտ Սարտարապատի յուշահամալիրէն ներս տեղի ունեցան արարողութիւններ։ «Յաղթանակի դար» խորագրեալ զօրահանդէս մը տեղի ունեցաւ Սարտարապատի մէջ, ուր յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք։ Գոհաբանական աղօթքին մասնակցութիւն բերին Արմէն Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, բաց խորանի առջեւ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանքը, որու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը տուաւ պատգամ մը։ «Մեր ժողովուրդը պատմութեան հազարամեակներուն մէջ բազում հողմեր ու փոթորիկներ տեսած է։ Բազում նուիրական յիշատակներ ունինք ծանր փորձութիւններէ ու հարուածներէ մեր հայրենիքը հերոսաբար պաշտպանելու։ Օրհասական պահերուն մեր ժողովուրդի դրսեւորած վառ հայրենասիրութեան, կենաց ու մահու մարտերու մէջ ձեռք բերուած յաղթանակներու յիշատակները այսօր կը զօրացնեն մեզ մեր պետականութիւնը ամրապնդելու եւ հայրենիքը շէնացնելու յանձնառութեան մէջ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Անկախ պետականութեան հովանիի ներքեւ ազատ կեանք կերտելու տեսլականով անցնող տասնամեակներուն մենք դիմակայած ենք մեծ դժուարութիւններու, ներքին քաղաքական ցնցումներու, մեզի պարտադրուած պատերազմին։ Իրականացնելով պետական ու հասարակական կեանքի վերափոխումներ՝ յաղթահարած ենք յաճախ անյաղթահարելի թուացող իրավիճակներ։ Այս բոլոր զոհողութիւնները մեր ժողովուրդը յանձն առած է եւ իր ձեռքբերումները կերտած՝ Քրիստոսի հանդէպ սէրը դարձնելով սէր ազգի ու հայրենիքի, սէր՝ իրարու հանդէպ։ Հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան նուիրական զգացումները, հայրենի պետականութեան շահերով առաջնորդուելու ձգտումը մեր ժողովուրդի զաւակները ամուր պահեցին նաեւ այս օրերուն, քաղաքական ու հասարակական կեանքի նոր զարգացումներուն մէջ»։

«Ուրեմն, եկէք միասին սկսինք կերտել վաղուան Հայաստանը՝ գնահատելով ու շէնացնելով այն Հայաստանը, որ ունինք այսօր», նշեց ան։

Իր կարգին, նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ 28 Մայիսի առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Ան այս առթիւ ըսաւ. «Այսօր մենք պարտաւոր ենք առանձնայատուկ խորութեամբ գիտակցիլ հայոց պետականութեան նշանակութեան»։

Երկուշաբթի, Մայիս 28, 2018