ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին այցելեց Թիֆլիզ, ուր շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Վրաստանի Առաջին ժողովրդավարական հանրապետութեան 100-ամեակին ձօնուած տօնակատարութիւններուն մասնակցեցաւ Արմէն Սարգսեան, որ ընդունուեցաւ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի եւ վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի կողմէ։ Թիֆլիզի մէջ ան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ֆինլանտիոյ նախագահ Սաուլի Նիինիսթիոյի հետ։ Բաց աստի, Արմէն Սարգսեան զրոյցներ ունեցաւ Թիֆլիզի տօնակատարութիւններուն մասնակիցներէն Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէրի, Սլովաքիոյ նախագահ Անտրէյ Քիսքայի, Լաթվիոյ նախագահ Ռայմոնտս Վէյոնիսի եւ Լիթվայի նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայթէի հետ։

Թիֆլիզի յոբելեանին զուգահեռ կազմակերպուած «Համագործակցութիւն յանուն բարգաւաճման. յաջորդ 100-ամեակի ռազմավարական ծրագրաւորում» նիւթով կլոր սեղանին ալ մասնակցութիւն բերաւ նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ հանդէս եկաւ նաեւ ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան ըսաւ. «Յանուն բարգաւաճման համագործակցութիւնը պէտք է միտուած ըլլայ հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման եւ լիարժէք համագործակցութիւնը պէտք է դառնայ Հարաւային Կովկասի երկիրներու շարժիչ ուժն ու տեսլականը։ Յաջորդ 100-ամեակը Հարաւային Կովկասի համար պէտք է ըլլայ խնդիրները անցեալի մէջ թողելու եւ բաժանարար գիծերը փոխադարձ շահաւէտ ձեւով յաղթահարելու ժամանակահատուած։ Ներկայ իրողութիւնները եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներու մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու թափը թոյլ կու տան յուսալու, թէ ժողովրդավարացման գործընթացները պիտի նպաստեն տարածքաշրջանի համարկման, կայուն խաղաղութեան հաստատման ու տնտեսական վերելքին»։

Կլոր սեղանի ընթացքին Արմէն Սարգսեան վստահութիւն յայտնեց, թէ միասնական ջանքերով հնարաւոր է յաղթահարել համագործակցութիւնը խոչընդոտող տնտեսական, քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական տարաձայնութիւնները, միեւնոյն ժամանակ կարելի է հաստատել հանդուրժողականութեան, փոխշահաւէտութեան եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ բոլոր ոլորտներու մէջ։

Միւս կողմէ, Արմէն Սարգսեան Թիֆլիզի մէջ այցելեց Սուրբ Գէորգ Հայ Առաքելական առաջնորդանիստ եկեղեցին, ուր տեսակցեցաւ վիրահայոց ներկայացուցիչներուն հետ։

Երկուշաբթի, Մայիս 28, 2018