ՊՐԻՆՔԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց փոխ-նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Պրիճիթ Պրինք շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը այս առաւօտ ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Աւելի վերջ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ ընդունեց ամերիկացի հիւրը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Արմէն Սարգսեան ընդգծեց Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ձեւաւորուած սերտ համագործակցութիւնն ու երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը։ Ան նշեց, որ Երեւան հետաքրքրուած է համագործակցութեան յետագայ խորացմամբ։ Արմէն Սարգսեան մեծապէս կարեւորեց նաեւ ԱՄՆ-ի ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս, համանախագահ միւս երկիրներու՝ Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի հետ։

Իր կարգին, Պրիճիթ Պրինքն ալ բարձր գնահատեց երկկողմանի գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ իրականացուող շարունակական աշխատանքը։ Ան դրուատիքով անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական հրատապ իրադարձութիւններուն ժամանակ Արմէն Սարգսեանի կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն։ Իր խօսքով՝ ԱՄՆ պիտի շարունակէ գործակցիլ Հայաստանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին հետ՝ փտածութեան դէմ պայքարի, ամերիկեան ներդրումներու համար գրաւիչ գործարար միջավայրի ձեւաւորման, մարդու իրաւանց խթանման եւ զբօսաշրջութեան զարգացման հարցերուն մէջ։

Միւս կողմէ, «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ կոչ ուղղեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն՝ որպէսզի հնարաւորինս արագ վերսկսին խտացեալ բանակցութիւնները։

Երկուշաբթի, Մայիս 28, 2018